2012-03-07 13:02:16

Եւրոմիութիւնը Մտահոգ՝Թուրքիոյ Հակահայ Ցոյցերով...


«Արմէնփրէս»/ «Մարմարա».- Եւրոպական Միութիւնը մտահոգութիւն յայտնած է Փետրուար 26ին Թուրքիոյ շարք մը քաղաքներու եւ յատկապէս Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած հակահայ ցոյցերու բնոյթին ու անոնց ընթացքին հնչած ցեղապաշտական արտայայտութիւններուն առնչութեամբ:
Եւրոմիութեան գործադիր մարմինը հանդիսացող Եւրոյանձնաժողովը այս մասին հրապարակած իր յայտարարութեան մէջ կոչ ըրած է Թուրքիոյ, որ յարգէ Եւրոխորհուրդին առջեւ ստանձնած իր պարտաւորութիւնները՝ ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պահպանման առումով:
«Յանձնաժողովը խորապէս մտահոգ է անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ցոյցերուն ընթացքին հնչած կարգախօսներով: Յանձնաժողովը կը յիշեցնէ, թէ Թուրքիա պէտք է կասեցնէ ատելութիւն պարունակող յայտարարութիւններուն տարածումը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Միւս կողմէ, մօտաւորապէս հազար ցուցարարներ Կիրակի 4 Մարտին,Պոլսոյ կեդրոնական Թաքսիմի հակահայ ցոյցերուն դէմ նոյն հրապարակին վրայ կատարեցին ցոյց մը պոռալով. «Մենք հոս ենք հայերը պաշտպանելու համար»:
«Այս օրերուն, երբ տակաւին բուռն քննադատութիւններ կը կատարուին Թաքսիմի հրապարակին վրայ Խոջալուի կապակցութեամբ պարզուած տգեղ ու հայհոյալից կոչերուն դէմ, Ռիզէի մէջ կրկին ատելութիւն սերմանուեցաւ հայերու դէմ… ատելութեան արշաւ մը՝ որուն մասնակցեցան նաեւ պետական դէմքեր, ինչպէս՝ Ռիզէի կուսակալը, քաղաքապետը, ոստիկանապետը, եւ այլն», կը գրէ «Մարմարա»:








All the contents on this site are copyrighted ©.