2012-03-06 12:31:24

Սերգէյ Լաւրով Յայտարարած թէ Մարտ 10-ին Սուրիոյ Հարցով Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հետ Պիտի Տեսակցի Գահիրէի Մէջ։


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով, Մուսկուայի մէջ Յորդանանի արտագին գործոց նախարար Նասեր Ճաուտաթի հետ հանդիպելէն ետք, յայտարարեց, որ Մարտ 10ին Գահիրէի մէջ արաբ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ հանդիպում մը պիտի ունենայ:
Լաւրով ըսաւ, որ «ես կարեւոր կը նկատեմ Արաբական Լիկայի արտաքին գործոց նախարարներուն եւ Ռուսիոյ միջեւ հանդիպումին ընծայուած առիթը»` աւելցնելով, որ «Սուրիոյ հրատապ կացութիւնը նկատի ունենալով եւ մինչեւ լուծումի մը հասնելու հաւաքական մօտեցումի կարիքի ստեղծումը` զայն (հանդիպումը) կարեւոր եւ թանկագին առիթ մը կը նկատենք»:
Իսկ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական Լիկայի յատուկ նուիրակը Գոֆի Աննան Շաբաթ 11 Մարտին Տամասկոսի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ տեղւոյն Իշխանութեանց հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.