2012-03-06 12:14:40

Միջկրօնական Աստուածաշունչի Ցուցահանդէս Վատիկանի Մէջ
''Աստուծոյ Խօսքը Դարերու Հոլովոյթին՝՝ Բնաբանով ։


Ընդառաջելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի կամքին, մեծ ուշադրութիւն դարձնելու Աստուծոյ խօսքին, կազմակերպութեամբ մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդին, Վատիկանի մէջ բացումը կատարուեցաւ ''Աստուծոյ Խօսքը'' դարերու հոլովոյթին բնաբանով միջկրօնական Աստուածաշունչի ցուցահանդէսին որուն կէտնպատակն է այցելուներուն աւելի դիւրիմաց դարձնել Աստուածաշունչի շքեղ պատմութիւնը։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը 2010-ի առաքելական իր յորդորագիրին մէջ կը գրած էր ''կը բաղձամ անգամ մը եւս յորդորել Աստուծոյ ժողովուրդը` ըլլան անոնք հովիւներ, նուիրեալ անձեր եւ աշխարհականներ, որ յաձնառումով աշխատին ու ընտելանան Ս. Գիրքին''։

''Աստուծոյ Խօսքը դարերու հոլովոյթին՝՝ Ցուցահանդէսին սրահը կը գտնուի Ս. Գրքին մէջ յիշուած կարգ մը վայրեր։ Այցելուն ինքզինք յանկարծ կը գտնէ Ս. Երկրին մէջ` Անդրյորդանանի Քումրանի վայրը, բախտը կ'ունենայ, առաջին անգամուան համար, տեսնելու մեռեալ ծովու ձեռագիրներէն կտոր մը, Միջին դարերու Ս. Գիրքի օրինակներ։ Աւելի անդին, այցելուն հանդիպում կ'ունենայ Կիւթենպերի հետ, ուր կը փորձէ տպագրել էջ մը Աստուածաշունչէն։
Ցուցադրուած 150 նմոյշներու մեծամասնութիւնը եկած են la "Green collection", ամերիկեան մեծագոյն Ս. Գրային հաւաքածոյէն։
Նշենք որ Ս. Գիրքի ցուցահանդէսը համամիութենական բնոյթ ունի, որուն մասնակցած են կաթողիկէներ, բողոքականներ, օրթոտոքսներ եւ հրեաներ։ Ցուցասրահին մուտքը անվաճառ է։
Յայտնենք որ Ս. Գիրքի ցուցհանդէսը ունի 8 սրահներ, որուն չորրորդը` նուիրուած է Աստուածաշունչի հին թարգմանութիւններու։
30րդ ցուցաբեղկին մէջ ցուցադրուած է հայերէն ձեռագիր Աւետարան մը պատրաստուած Կիլիկիոյ Մելիտինէ աւանը, 1040 թուականին, Աւետարանը ձեռագրուած է մագաղաթէ խոշոր էջերու վրայ։ Վատիկան գտնւող Աւետարնի այս մէկ բեկորը կը ներփակէ հազուագիւտ բնագիր մը։
Ցուցհանդէսը պատրաստողներու գնահատումով մանրանակչութիւններով զարդարուած հայկակակն ձեռագիրները կը ներկայացնեն Քրիստոնեայ Եկեղեցւոյ ամենայայտնի ու ամենագեղեցիկ ձեռագիրները։ Եւսեբիոսի կանոնի տախտակները կ'ընծայեն պերճօրէն զարդարուած խաչաձեւ դրութիւն մը Աւետարաններու ընթերցումին համար։ Հայակական ձեռագիրները կը յիշեցնեն Մեծն Կարոլոսի ժամանակի եւ քրիստոնեայ առաջին դարերու ձեռագիրներու տիպարները։








All the contents on this site are copyrighted ©.