2012-03-06 12:16:02

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Խմբագրականը
Խօսք Ու Լռութիւն


Ռատիովատիկանի տնօրէն` հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին իր շաբթուայ խմբագրականը նուիրած է քառասնորդացի շրջանի առթիւ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած՝ հոգեւոր կրթութեան, որուն, ըստ աւանդութեան, իր մասնակցութիւնը բերաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը շրջապատուած իր աշխատակիցներով։ Հանդիպումներ ու Ճառեր չեն անոնք կը գրէ հայր Լոմպարտին այլ լռութեան եւ աղօթքի պահեր։ Անշուշտ հաւատացեալը ամէն օր կը ջանայ աղօթքի ու լռութեան պահեր ապրիլ սակայն այս քառասնպրդացին աւելի ընդլայնուած դադարը մեզի համար կը դառնայ աւելի զօրեղ օրինակ մը, կը հաստատէ ան։
Հայր Լոմպարտին հուսկ կ՝՛անդրադառնայ Սրբազան Քահանայապետի ընկերային հաղորդամիջոցներու միջազգային օրուայ առթիւ յղած պատգամին, որուն բնաբանն է <<լռութիւն ու խօսք>>։ Սրբազան Քահանայապետը իր այս պագտամին մէջ կը նշէ թէ ինչպէս լռութիւնը առիթ կու տայ մտիկ ընելու, մտիկ ընել ուրիշները եւ Աստուած։ Հաղորդագրութիւններու առատութիւնը անհրաժեշտ կը դարձնէ լռութիւնը, հասկնալու համար թէ ինչ է կարեւորը եւ ինչը անօգուտ է կամ յաւելուածոյ։ Հայր Լոմպարտին կը զգուշացնէ մեզ հաղորդագրութիւններու զանազանութեան կուտակումէն որ վտանգ մը կը հանդիսանայ մեր ազատութեան համար - կը գրէ ան - նա մանաւանդ երբ կը գտնուինք զանոնք տիրապետելու անկարելիութեան մէջ։ Ու կը յորդորէ դիմել լռութեան, ու լռութեան ընդմէջէն ունկնդրել աւելի խոր պատգամներ որոնք մէկնակէտ մը ըլլան մեր կեանքէն ներս կարգ ու կանոն դնելու։ Ինչպէս այն պատգամը որ մեզի կը յիշեցնէ թէ Յիսուս Քրիստոս մեռաւ ու Յարութիւն առաւ մեզի համար ու դարձաւ մեր ուղեւորութեան ՜՜Արշալոյսը՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.