2012-03-06 12:47:29

Հայոց Պատմութիւն

ՏԻԳՐԱՆ Բ. ԸՆԴԴԷՄ՝ ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻ ԶՕՐԱՎԱՐ ԼՈՒԿՈՒԼԼՈՍԻ.


Լուկուլլոս Հռոմի կողմէ արեւելք ուղարկուած Զօրավարն էր. Ան պահանջեց Տիգրանէն որ իրեն յանձնէ Միհրդատը, որ պատերազմը կորսնցնելէ ետք Հռոմի դէմ` Հայաստան ապաստանած էր։ Տիգրան մերժեց իր աներհայրը Հռոմի յանձնել։ Ասոր վրայ, Հակառակ Հռոմի ծերակոյտի ընդդիմութեան, որ կը նախընտրէր բանակցիլ Հայաստանի հետ եւ ոչ պատերազմիլ, Լուկուլլոս որոշեց պատերազմիլ Տիգրանի դէմ։
Լուկուլլոս կը յարձակի Հայաստանի վրայ (69 Ք.Ա.)
Տիգրան` գրեթէ ապահով էր որ Հռովմայեցի զօրավարը պիտի չհամարձակէր յարձակիլ Հայաստանի վրայ, որով իմացած էր թէ Հռոմի ծերակոյտը չէր փափաքէր պատերազմը. Սակայն Լուկուլլոս կը պատրաստուէր պատերազմի եւ 69 թուի գարնան սկսաւ արագ արշաւանք մը 4 լէգէոններով (24.000 զինուոր) եւ եկաւ պաշարեց Տիգրանակերտը. Տիգրան հազիւ կրցաւ փախուստ տալ իր մայրաքաղաքէն, հոն թողլով իր կիներն ու գանձերը։ Ապա Տիգրան մեծ բանակով մը (40.000 հոգի) եկաւ ազատելու Տիգրանակերտը. Սակայն չուզեց հետեւիլ պոնտացի նշանաւոր զօրավար` Տաքսիլէսի խորհուրդներուն եւ թէեւ թուով աւելի շատ, Հայերը կորսնցուցին պատերազմը եւ Լուկուլլոս գրաւեց Տիգրանակերտը. Հոն բռնաբար բերուած Յոյները ազատագրեց եւ ետ դարձուց իրենց երկիրը. Սակայն ջարդ չըրաւ բնակչութեան, մանաւանդ թէ թեթեւցուց անոնց տուրքերը եւ աւելի ազատութիւններ տուաւ։
Լուկուլլոսի երկրորդ արշաւանքը (68 Ք.Ա.)
Տիգրան կրնար հաշտութեան դիմել յանձնելով վերջապէս Միհրդատը իր հակառակորդին` Լուկուլլոսի. Սակայն մերժեց այս կարելիութիւնը եւ Միհրդատի օգնութեամբ` մեծ պատրաստութիւններ տեսաւ պատերազմի։ Հայկական կազմ ու պատրաստ բանակին թիւը հասաւ 50.000 հետեւակի եւ 20.000 ձիաւորի։ Երբ Յուլիս 68-ի վերջերը` Լուկուլլոս յարձակումի սկսաւ Մուշի վրայ, ուր հաւաքուած էր Տիգրանի բանակը, մեծ անակնկալի առջեւ գտնուեցաւ. Նախ բերքի շրջանը տակաւին չէր հասած եւ պարենաւորումը հռովմէական բանակին գրեթէ անկարելի դարձաւ. Ապա Տիգրանի բանակը, որուն միացած էր պոնտացի մօտ 4.000 զինուորներու գունդը, որոնք աւելի վարժ էին Հռոմի դէմ պատերազմելու, անկարողութեան մատնեցին հռովմէական գունդերը, որոնք ստիպուեցան տակաւ առ տակաւ նահանջել. Ի վերջոյ վրայ հասաւ վաղահաս ձմեռը, ինչ որ ստիպեց Լուկուլլոսը նահանջելու։ Այս առաջին պարտութիւնն էր որուն կ՛ենթարկուէր հռովմէական բանակ մը Արեւելքի մէջ։
Տիգրան կը վերագրաւէ իր կորուսած հողերը
Ըստ Հռովմայեցի պատմագիրներու, այս երկրորդ պատերազմին, հայկական ուժերը գրեթէ առանց կորուստի մնացին, մինչ Լուկուլլոսի բանակը մեծ կորուստներ կրեց, մանաւանդ նահանջի ընթացքին, ցուրտին պատճառաւ։ Տիգրան կրցաւ վերագրաւել իր մայրաքաղաք Տիգրանակերտը եւ շուրջի բոլոր հողերը։ Նոյնիսկ Սուրիան որ շրջան մը գրաւուած էր հռովմայեցիներէն դարձեալ Տիգրանի ձեռքն անցաւ։
Հետեւանքները Տիգրանի յաղթութեան
Օգտուելով այս յաղթանակէն, Հռովմայեցիներու կողմէ ընկճուած բոլոր ազգերը ոտքի ելան եւ կամաց կամաց վերստացան իրենց անկախութիւնը. Միհրդատ եւս, Տիգրանի օգնութեամբ վերագրաւեց Պոնտոսը յաղթելով հոն մնացած միակ լէգէոնին եւ վերահաստատեց իր իշխանութիւնը երկրին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.