2012-03-06 14:14:46

Եղեռնէն Փրկուած Աստղիկ Ալեմեան Տօնած է Իր 102րդ Տարեդարձը ։


Հայոց Մեծ Եղեռնի ժամանակ կորսնցնելով ծնողները, քանի մը տարեկան երեխայ Աստղիկ Ալեմեան կը յայտնուի սուրիական որբանոցներէն մէկուն մէջ: Բարեբախտաբար անոր քեռին կը յաջողի գտնել փոքրիկ Աստղիկը ու տանիլ ԱՄՆ` Ուէյմաութ:
"Weymouth News" լրատուական կայքին համաձայն՝ նորերս Աստղիկ Ալեմեան նշած է իր ծննդեան 102րդ տարեդարձը: Հարազատներուն կազմակերպած տօնախմբութեան ներկայ եղած են գերդաստանի մօտ 70 ներկայացուցիչներ :
Եղեռնէն մազապուրծ եղած կինը՝ ունի ամուր տեսք: Աստղիկին խօսքերով` ինք երբեք չէ շպարուած, նոյնիսկ իր հարսանիքին ժամանակ. ան կ’ենթադրէ, որ այդ է իր արտաքինին գաղտնիքը:
Տիկին Ալեմեան, հակառակ իր տարիքին, աշխոյժութեամբ կը մասնակցի ներկայ կ՝ըլլայ Ուէյմաութի Հայկական համայնքի ժողովներուն եւ ձեռնարկներուն:
Աստղիկ Ալեմեան մինչեւ օրս կը յիշէ Ցեղասպանութեան ժամանակ ապրած դառն դէպքերը։ Ամէն անգամ այդ մասին խօսելու ընթացքին՝ կնոջ աչքերուն մէջ արցունք կը յայտնուի եւ ան կը նախընտրէ չանդրադառնալ այդ թեմային:
Նշենք, որ այժմ Աստղիկի կողքին չէ իր ամուսինը Պարոն Սարգիսը: Սակայն Տիկին Ալեմեան կը շարունակէ ապրիլ ու վայելել կեանքը իր հինգ երեխաներուն, 12 թոռներուն, 18 ծոռներուն եւ ծոռներու երեք երեխաներուն հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.