2012-03-06 14:16:41

Առաքելական Ատեանը Կը Կազմակերպէ Գիտաժողով Մը ''Ապաշխարութեան Խորհուրդը '' Նիւթին Մասին։


Հռոմի մէջ 5-9 մարտ տեղի կ'ունենայ ''Ապաշխարութեան խորհուրդը '' նիւթով ուսումնաժողով մը, կազմակերպութեամբ Առաքելական Ատեանին։ Հաւաքին նպատակն է կազմաւորումը նոր ձեռնադրուած քահանաներուն, որպէսզի անոնք կարենան լաւագոյն պատասխաններ տալ ապաշխարողներուն։ Ուսումնաժողովին բացումն ու եզրափակումը կը կատարէ Առաքելական Ատեանի կառավարիչը կարտինալ Մանուէլ տէ Գասթրօ։ Յայտնենք որ այս ուսումնաժողովին կը մասնակցի հալէպահայ Հ. Եղիշէ վրդ. Ճենճեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.