Թուրք իոյ Վարչապետը «Վրէժխնդիր Ըլլալու» Կոչեր Ընելով, Թշնամանք եւ Պառակտում Կը Սերմանէ.
Այսպէս կ՝արտայայտուին Պոլսոյ Թաքսիմ Հրապարակի Ցուցարարները։
Պոլսոյ մէջ, 4 Մարտին,մօտ 1000 հոգինոց ցոյց մը կազմակերպուած էր` ի նշան անհամաձայնութեան`
անցեալ շաբաթ Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին տեղի ունեցած այսպէս կոչուած «Խոջալուի ցեղասպանութեան»
զոհերու յիշատակին կազմակերպուած բողոքի ցոյցին ընթացքին բացուած ցուցապաստառներուն:
4 Մարտի ցուցարարներուն մէջ եղած են լրագրողներ, գրողներ, դերասաններ ու մտաւորականներ: Անցեալ
շաբաթ Թաքսիմ հրապարակին տեղի ունեցած ցոյցին ընթացքին եղած էին հակահայկական, ֆաշիստական
բնոյթի ցուցապաստառներ: Իսկ 4 Մարտին տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին ընթացքին ցուցարարներ
քալած են` ցեղապաշտութիւնը դատապարտող պաստառներով եւ «Կեցցէ ժողովուրդներու բարեկամութիւնը»,
«Թուրքիան թուրքերէն անդին,ունի նաեւ այլ բարեկամներ », «ոչ ֆաշիզմին», «ատելութիւնը
ձեզի, մարդկայնութիւնը` մեզի» կարգախօսերով: Մօտ մէկ ժամ տեւած քայլերթէն ետք՝ Պոլսոյ
կեդրոնական Թաքսիմ հրապարակ հասած ցուցարարներուն անունով ելոյթ ունեցած է լրագրող Եաշար
Կիւվեն: «Անցեալ շաբաթ այստեղ «Խոջալուի ցեղասպանութեան» պատրուակով հայերու եւ բոլոր
ազգերու հասցէին ատելութեան խօսքեր, սպառնալիքներ, կը տարածուէին: Իրական պատճառը, սակայն,
Խոջալուն չէր: Կառավարութիւնը, Ֆրանսայի մէջ հայանպաստ օրինագիծը պատճառ բերելով, հայերուն
հետ թշնամութիւն կը սերմանէ: Սակայն ամէն ինչ այդքան ալ հեշտ չէ, որովհետեւ մենք թոյլ
չենք տար: Մենք հայերը առանձին չենք ձգեր: Մենք անոնց չենք հայհոյեր, չենք սպառնար: Մեր
ձեռքերուն մէջ ատելութիւն եւ վրէժխնդրութիւն տարածող պաստառներ չկան: Մենք դէմ ենք ֆաշիզմին,
ազգայնամոլութեան, ատելութեան ու շովինիզմին»(ըսած է ան): Ցոյցին մասնակցած է նաեւ
Ժողովրդա-հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր Մահմուտ Թանալ: Ան յայտարարած է, որ
վարչապետը, «վրէժխնդիր ըլլալու» կոչեր ընելով, թշնամանք եւ պառակտում կը սերմանէ: «Մենք
այստեղ հաւաքուելով` խաղաղութիւն կը մատնանշենք»,( ըսած է ան):