2012-03-05 12:26:50

Ընտանիքի 16րդ Տօնակատարութիւնը Ընտանեկան Կառոյցի Ամրապնդման Առիթ ։


Զուիցերիոյ գերապայծառ Նորպերթ Բրիւններ հրաւէր ուղղած է ընտանիքներուն միասնաբար տօնախմբելու ընտանիքի 16րդ օրը։ Ասիկա հանդիպման բարեպատեհ առիթ մըն է - գրած է գերապայծառ Բրիւններ - իրազիրար ճանչնալու եւ ընտանիքի անդամներու միջեւ կապերը զօրացնելու։
Ամէն տարի աւելի քան 1000 ընտանիքներ կը մասնակցին տարեկան այս հաւաքին։ Նախաձեռնութիւնը սկզբ կ՛առնէ գերապայծառ Բրիւնների պատարագով, իսկ յետմիջօրէին նախատեսուած է ընտանիքին ի պատիւ համերգ մը ։ Հանդիպումին կը մասնակցին ֆոգոլարինի կոչուած քրիստոնեայ աշխարհական շարժումի անդամները։ Նշենք որ այս շարժումը հիմնուած է Գիարա Լուբիխի կողմէ, 40 տարի առաջ, ստեղծելով հոգեւոր ընտանիք մը իր տարբեր յանձնառումներով։ Շարժումին կէտնպատակն է ի գործ դնել Յիսուսի մահէն առաջ արտասանած սա խօսքը. ''Հայր` թող ամէնքը մէկ ըլլան որպէսզի աշխարհը հաւատայ թէ Դուն ղրկեցիր զիս'' ֆոգոլարիները ներկայ են եւ կը գործեն աշխարհի 180 երկիրներուն մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.