2012-03-04 09:24:07

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հովուական Այցելութիւնը Հռոմի Սալէսի Սուրբ Յովհաննէս Կարապետի Անուան Ժողովրդապետութեան։


Կիրակի 4 մարտի առաւօտեան ժամը 9.30-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանյապետը Հովուական այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի Թորրինօ շրջանի Սալէսի Սուրբ Յովհաննէս Կարապետի Ժողովրդապետութեան ուր կը գլխաւորէ նաեւ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։
Վերոյիշեալ ժողովրդապետութիւնը հիմնուած է 2000-ի՝ հոկտեմբեր մէկին, այդ շրջանի Հռոմի տեղապահ արքեպիսկոպոս Կարտինալ Գամիլլօ Րուինիի հրամանով։ Իսկ Ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ օծումը տեղի ունեցաւ 2009-ի՝ դեկտեմբեր 12ին, նախագահութեամբ՝ Հռոմի թեմի ներկայ տեղապահ՝ արքեպիսկոպոս Կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինիի նախագահութեամբ։
Առաջին տարիներու ընթացքին ժողովրդապետութեան հովուական գործունէութիւնները կատարուած են Սրբուհի Պայծառի անուան մօտակայ կեդրոնի մէջ , հուսկ փոխադրուած են ժամանակաւոր կառոյցի մը սրահներուն մէջ, մինչեւ լրանար ժողովրդապետութեան սրահներուն շինարարական աշխատանքները։ Ժողովրդապետութիւնը ունի 12 հազար բնակչութիւն, կազմուած՝ 3116 ընտանիքներէ որոնց մեծամասնութիւնը (85%) երիտասարդ զոյգեր եւ մանուկներ են։








All the contents on this site are copyrighted ©.