2012-03-04 12:10:01

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։
Հովուական Այցելութիւնը Հռոմի Սալէսի Սուրբ Յովհաննէս Կարապետի Անուան Ժողովրդապետութեան եւ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։


Կիրակի 4 մարտի առաւօտեան ժամը 9ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ինքնաշարժով մեկնելով Վատիկանէն ուղղուեցաւ Հռոմի Թորրինօ շրջանի Սալէսի Սուրբ Յովհաննէս Կարապետի Ժողովրդապետութիւնը ուր ժամանեց 9.30 եւ ուր զինք դիմաւորեցին <<Վիվա իլ Բաբա>> զուարճալի աղաղակներով ժողովրդապետութեան բազմաթիւ մանուկներ որոնց Սրբազան Հայրը ողջոյնի խօսք մը ուղղեց յայտնելով իր գոհունակութիւնը ու հաստատելով թէ մանուկներու ներկայութիւնը կը նշանակէ թէ <<Հռոմը կենսունակ է>>։

Սուրբ Պատարագի արարողութեան սկիզբը Սրբազան Հօր բարի գալուստի խօսք ուղղեց Սալէսի Սուրբ Յովհաննէս Կարապետ Ժողովրդապետութեան հովիւ Հայր Ճամբաոլօ Բէրուճինին որ իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր իր հայրական հոգածութեան << Սիրելի Սրբազան Հայր մենք քեզ կ՛ընդունինք որպէս տիեզերական եկեղեցւոյ Հովիւ, որպէս Հռոմի Թեմի Եպիսկոպոս ու յատկապէս որպէս Հայր>> ըսաւ Հայր Բէրուճինին ու ապա Սրբազան Քահանայապետին յանձնեց յիշատակի զանազան նուէրներ որոնց շարքին ժողովրդապետութեան մանուկներու ձեռքով Սրբազան Հօր ուղղուած նամակներ եւ Անոր նուիրուած գծագրութիւններ։

Սուրբ Պատարգի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը խոհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումներուն վրայ։

Սալէսի Սուրբ Յովհաննէս Կարապետի Ժողովրդապետութեան Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր - ըսաւ Նորին Սրբութիւն - քառասնորդաց շրջանի այս երկրորդ կիրակին մեզ կը պատրաստէ Յիսուսի զատկական մահուան եւ Յարութեան խորհուրդին։
Սուրբ Գրային ընթերցումներու առաջինը մեցի կը պատմէ թէ ինչպէս Աստուած ուզեց փորձել Աբրահամը անորմէ խնդրելով զոհել իր միածին որդինխ. երկրորդ ընթերցումին մէջ Սուրբ Պօպոսը կը հաստատէ թէ Աստուած ինք եւս զոհաբերում կատարեց իր Միածին Որդին ընծայելով խաչին վրայ ու անոր մահով յաղթելով մահն ու մեղքը։
Սուրբ Աւետարանը կը խօսի Յիսուսի այլակերպութեան մասին որուն ընթացքին Աստուած զինք կը հռչակէ որպէս <<Սիրելի Որդի յորդորելով մտիկ ընել Անոր>>։ Այլակերպութիւնը Աստուծոյ անհուն սիրոյ արտայայտութեան խորհուրդն է։ Գաղթի վերջին հանգրուանն է ուր Յարութեամբ մեր առջեւ կը բացուի մեղքէն ու մահէն ազատելու դուռը։Մեզի կը ներշնջէ այն յոյսը որ մեր կեանքին մէջ իրականացուած յաղթանակը Աստուծոյ յաղթանակն է ` Բարիին եւ Սիրոյ յաղթանակը։ Ու մենք այս յոյսի կարիքը ունինք մեր առօրեայ կեանքին մէջ որ յաճախ չարի խաւարի ազդեցութեան տակ կը գտնուի։։

Սրբազան Հայրը հուսկ յորդորեց ներկաները փոխանցելու աւետարանի պատգամը բոլորին։ Մի սպասէք որ ուրիշներ ձեցի տարբեր պատգամներ բերեն որ կարողութիւնը չունին առաջնորդելու ձեր քայլերը իսակական կեանքին այլ դուք եղէք Քրիստոսի առաքեալները եւ յաղորդեցէք անոր պատգամը ձեր եղբայրակիցներուն այն վայրերուն մէջ ուր անոնք կ՛ապրին, կ՛աշխատին, կ՛ուսանին եւ իրենց ազատ ժամանակը կ՛անցնեն։

Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց ժողովրդապետութեան այն իւրայատկութեան որով հաւատացեալներու մեծամասնութիւնը երիտասարդ տարրերէ բաղկացած է ու յիշեցուց ընտանիքի եւ ընտանեկան կեանքի կարեւորութիւնը ու մանաւանդ ծնողած կարեւոր դերը ու զաւակներու դսատիարակութեան պարտականութիւնը` քրիստոնէական հաւատքով։ Սիրելի ընտանիքներ - յարեց Սրբազան Հայրը - եղէք այն վայրը ուր կարելի է սորուիլ Տէրը սիրել. հասարակութիւն մը ուր իրարու հետ միասին հարստանալով ապրիք հասուն հաւատք մը։

Ապա եզրափակելով իր քարոզը Սրբազան Քահանայապետը անդրադառցաւ Սուրբ Զատկուայ նախօրեակի շրջանին ըսելով <<քառասնորդաց շրջանը մեզ կը պատրաստէ ապրելու հաւատքի մեծ խորհուրդը որ կը նշենք Քրիստոսի չարչարանքով, մահուամբ եւ Անոր հրաշափառ յարութեամբ։ Աստուածամօր յանձնենք մեր ու տիեզերական եկեղեցւոյ ուղեւորութիւնը յայցելով Անոր օգնութիւնը որպէսզի Իրեն նման արժանի ըլլանք մասնակցելու Զատկուայ ուրախութեան ու լիութեան։ Ամէն։

Հովուական այցելութեան աւարտին Պենետիկտպս ԺԶ Քահանայապետը վերադարձաւ Վատիկան ուր կէսօրին իր գրասենաեկի պատշգամէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը Սուրբ Պետրոսի Հրապարակը համախմբուած Հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.