2012-03-04 09:24:43

Կիրակի 4 Մարտին Մալթայի Մէջ Կը Վառի Սուրբ Պենետիկտոսի՝ ՜՜Խաղաղութիւնը՝՝ Խորհրդանշող Ճրագը։


Աւանդութիւն դարձած՝ Սուրբ Պենետիկտոսի ՜՜խաղաղութիւն, յոյս եւ եղբայրութիւն՝՝ խորհրդանշող ճրագի լուսաւորումը, այս տարի տեղի կ՛ունենայ Մալթայի կղզզին մէջ, Կիրակի 4 մարտի՝ երեկոյեան, Լա Վալլէթթայի Սուրբ Յովհաննէսի անուան Մայր Տաճարին մէջ, ժամը 17.30ին մատուցուած Սուրբ Պատարագի աւարտին։ Արարողութեան ներկայ կը գտնուին Մոնթէգասսինօ Աբբայարանի Աբբահայր՝ Բիէթրօ Վիթթորելլի եւ Սուրբին ծննդավայր Սբոլէթօ - Նորչա Թեմի արքեպիսկոպոս՝ Րէնաթօ Պոգգարտոն։
Նշենք որ 14 մարտի հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան հայրը պիտի օրհնէ Սուրբ Պենետիկտոսի Ճրագը, իսկ 20 մարտին ճրագը դարձեալ կը վերադառնայ Մոնթէգասսինօ Աբբայարան։

Այս աւանդութիւնը ծնունդ առած է 1964-ին` երբ երջանկայիշատակ Պօղոս Զ քահանայապետը Սուրբ Պենետիկտոսը հռչակեց Եւրոպայի պաշտպան սուրբը։ Սկզբնական շրջանին Ճրագը կը կրէր <<Մէկ՝ Եւրոպայի ի նպաստ>> անունը։ Աւետարանի մէջ քարոզուած՝ եղբայրութեան եւ խաղաղութեան խորհրդանիշը, ոեւէ քաղաքական, կրօնական կամ գաղափարախօսական պատնէշներէ անդին։

Անոր լուսաւորումէն ետք, երիտասարդ մարզիկներու խումբ մը՝ ուխտագնացութիւն կատարելով ճրագը կը տանին Եւրոպայի զանազան քաղաքները։ Անցնող տարիներուն Ճրագի լուսաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Պերլին, Բրակա, Լոնտոն, Հռոմ, Մոսկուա եւ Երուսաղէմի մէջ։
2001-ի՝ 11 սեպտեմբերի ահաբեկչական արարքներէն ետք, յոյսի պատգամով ճրագը հանգրուան կատարեց նաեւ Նիւ Եորք, մինչ անցեալ տարի անոր լուսաւորումը կատարուեցաւ Լոնտոն, համամիութենական հանդիպումի մը ընթացքին։ Պենետիկտեան Ճրագը մեզի կը յիշեցնէ՝ մեր եւրոպական եւ քրիստոնէական ժառանգութիւնը։ Դարերու տարածքին քրիստոնեայ մշակոյթը դրոշմեց եւրոպական պատմութիւնը, ան եղաւ խաւարի մէջ լոյսի նշոյլ մը ( յայտարարած էր Մոնթէգասսինօ Աբբայարանի աբբահայրը՝ հայր Բիէթրօ Վիթթորելլի) ու աւելցուցած՝ Սուրբ Պենետիկտոսի տօնը մեզ պիտի օգնէ վերյիշելու Եւրոպայի քրիտոնէական արմատները, եւ ըմբռնելու թէ՝ ինչպէս այս անցեալը կազմած՝ ներկայ եւրոպական մշակոյթը եւ ընկերութիւնը այսօր եւս կը շարունակուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.