2012-03-03 11:57:10

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Գուպա Առաքելական Այցելութեան Ընթացքին Գուպայի Իշխանութիւնները Յոյս Կը Յայտնեն Որ Սրբազան Հայրը Հանդիպում Ունենայ ֆիտել Գասդրոյի Հետ


Եւ միաժամանակ կը յուսան որ Սրբազան Քահանայապետը արտայայտուի ամերիկեան շրջափակումին դէմ։
Վատիկանի մօտ Գուպայի դեսպան` տիար Բերմուտես մամուլին հետ ունեցած ելոյթին, խօսելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայպետի Գուպա կատարելիք առաքելական այցելութեան մասին 26-28 մարտ, յոյս յայտնած է որ Սրբազան Հայրը հանդիպում ունենայ ֆիտել Գասդրոյին հետ։ Արդարեւ Սրբազան Հօր այցելութիւնը նախագահական պալատին, նախատեսուած է՝ 27 մարտին։ Ապա դեսպանը բաղձանք յայտնած է որ Սրբազան Քահանայապետը միջամտէ ամերիկեան սահմանափակումին վերացումին մասին։ Նշենք որ Գուպան կէս դարէ ի վեր զոհ է ամերիկեան սահմանափակումին։ Ս. Աթոռը միշտ դատապարտած է սահմանափակումները, որովհետեւ անոր արդիւնքները միշտ ժխտական եղած են ժողովուրդներուն։ Գուպայի եւ Ս. Աթոռի միջեւ դիւանագիտական կապերը միշտ սերտ եղած են։








All the contents on this site are copyrighted ©.