2012-03-03 11:44:23

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Սիւնոդոսը։


Նախագահութեամբ՝ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքին եւ մասնակցութեամբը՝ Հայ կաթողիկէ թեմերու արքեպիսկոպոսներուն, եպիսկոպոսներու եւ վիճակաւորներուն, Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական հայ Վարժարանին մէջ, երեքշաբթի 6 մարտին (2012) սկիզբ կ՝առնէ հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց սիւնոդոսը. որուն ընթացքին սիւնոդոսական հայրերը պիտի քննարկեն հայ կաթողիկէ համայնքի՝ եկեղեցական, հովուական, ազգային, ընկերային, քաղաքական ու տնտեսական հրատապ հարցերն ու տագնապները։ Ժողովներուն նիւթ պիտի ըլլայ նաեւ ՜՜Նոր Աւետարանութեան՝՝ հարցը ի պատրաստութիւն՝ ընթացիկ տարուայ հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ կայանալիք Նոր Աւետարանութեան մասին Սիւնոդոսին։ Սիւնոդոսի աշխատանքները պիտի եւեն մինչեւ 14 մարտ 2012։








All the contents on this site are copyrighted ©.