2012-03-03 12:39:01

Երեւանի Մէջ Մեկնարկեց «ART expo 2012» Ցուցահանդէսը:


2 Մարտին,Նկարիչներու Միութեան Տան մէջ մեկնարկեց «ART expo 2012»ը, որ նուիրուած է ՝՝Երեւանը իբրեւ Գիրքի 2012ի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակուելուն եւ Հայ Տպագիր Գիրքի 500-ամեայ Յյոբելեանին:

«ART expo 2012»ին ներկայացուած են աւելի քան 200 ծրագիրներ եւ նախագիծեր, որոնք կ՝իրականացուին «Գրական Հայաստան», «Մեր անկախութիւնը 20 տարեկան է», «Համայնքային էքսփօ», «Աւանդական արհեստ, արուեստ, կենցաղ» եւ այլ խորագիրներու տակ:


Ցուցհանդէսի բացման ներկայ էր նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ շրջեցաւ բոլոր 44 տաղաւարները: Նախագահը իր բարեմաղթանքը գրեց հայ գրատպութեան 500 ամեակին եւ Երեւանը իբրեւ գիրքի մայրաքաղաք հռչակելու առիթով հրատարակուած գիրք-ալպոմին մէջ: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Հազարամեակների պատմութիւն ունեցող մեր մայրաքաղաք Երեւանը իր մէջ ամփոփելով անցեալի մայրաքաղաքաների փառքն ու յիշատակը, աշխարհասփիւռ հայութեան յարատեւութեան եւ ապագայի խորհրդանիշն է, ուստի բոլորիս պարտքն է պահել եւ պահպանել մեր ազգի բաբախող այդ սիրտը, օր օրի այն դարձնել բարեկեցիկ ու գեղեցիկ»:


Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան լրագորղներուն հետ զրոյցին նշեց, որ տարիէ-տարի կը մեծնայ ցուցահանդէսին նկատմամբ հետաքրքրութիւնը եւ որակական շարժ տեղի կ'ունենայ:

Յիշենք որ առաջին անգամ «ART expo»-ն կազմակերպուած էր 2009ին:








All the contents on this site are copyrighted ©.