2012-03-03 12:38:49

ԵԱՀԿ-ի Մինսկի Խումբի Համանախագահները Հայաստանի Մէջ:


2 Մարտին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Ժաք Ֆոր (Ֆրանսա), Ռոպերթ Պրատթքի (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսիա) եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք Հայաստանի մէջ պաշտօնական տեսակցութիւններ ունեցած են Հայաստանի նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ։
Թէ՛ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, եւ թէ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ կայացած հանդիպումներուն ընթացքին քննարկումներուն առանցքը հանդիսացած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բանակցային գործընթացի ներկայ հանգրուանը։
Նախարար Նալբանդեան եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները անդրադարձած են 23 Յունուարին Սոչիի մէջ Ռուսիոյ, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներուն միացեալ յայտարարութեան եւ իրականացուելիք ծրագիրներուն։
Նախարարը իր այցելուներուն ուշադրութեան յանձնած է այն հանգամանքը, որ վերջին շրջանին Պաքուի կողմէ կը հնչեն Սոչիի մէջ կնքուած համաձայնութեան հակասող յայտարարութիւններ, որոնք անգամ մը եւս կը փաստեն, որ Ատրպէյճան լուրջ չէ իր խոստումներուն եւ ստանձնած պարտաւորութիւններուն նկատմամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.