2012-03-03 11:56:55

Գերապայծառ Սիլվանօ Մարիա Թոմմազիի Գնահատումով՝ Քրիստոնեաներու Դէմ Յարձակումները 309 Առ Հառիւր Աճած Են։


՜՜Աշխարհի մէջ կրօնական ազատութիւնը հետզհետէ կը սահմանափակուի՝՝ այս է ահազանգային կոչը զոր ուղղեց ՄԱԿ-ի մօտ Ս. Աթոռի մնայուն դէտը՝ գերապայծառ Սիլվանօ Մարիա Թոմմազին, Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի նիստին ընթացքին։ Դիւանագէտին գնահատումով 2 միլիառ եւ 200 միլիոն է թիւը հաւատացեալներուն՝ որոնք կրօնական սահմանափակումներու կ՛ենթարկուին. իսկ 2003 - 2010 տարիներուն այս թիւը աճում արձանագրած է 309 առ հարիւրով Ափրիկէի, Միջին Արեւելքի եւ Ասիական ցամաքամասի մէջ, քրիստոնեաներու դէմ կատարուած՝ ահաբեկչական արարքներու հետեւանքով. մինչ Եւրոպայի մէջ կը ծաւալի մշակոյթ մը՝ որ կ՛ուզէ մեկուսացնել Քրիստոսի հաւատացողները, այսպէս յայտարարած է Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը Ռատիովատիկանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.