2012-03-03 11:29:15

2012՝ Հայ Գիրքի Տարի Հռչակուած Արամ Ա. Կաթողիկոսէն։


Եկեղեցին եւ Հայ Գիրքը (Շարունակութիւն)
1930ին, Անթիլիասի հողին վրայ հազիւ հաստատուած, մեր ժողովուրդի հոգեմտաւոր կարիքներուն ունկնդիր, Մայր Տաճար ու Վեհարան կառուցելէ առաջ, տարագիր Ս. Աթոռի Սահակ Խապայեան Հայրապետը պայծառ տեսիլքը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը օժտելու իր սեփական տպարանով։ Դժուար պայմաններու մէջ կեանքի կոչուած Անթիլիասի մայրավանքին համեստ տպարանը սկսաւ գործել 1932ին։
Հմուտ մտաւորական Գարեգին Ա. Յովսէփեանց կաթողիկոսի գահակալութեան շրջանին տպարանը ապրեցաւ նոր վերելք, երբ սկսան լոյսին գալ հայագիտական թանկարժէք հրատարակութիւններ։ Յաջորդող տասնամեակները յաւելեալ փայլքով լուսազարդեցին Անթիլիասի տպարանի գործունէութիւնը՝ զայն կարգելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մշակութային առաքելութեան ամէնէն կենսական բնագաւառներու շարքին։1833ին հիմնուած Երուսաղէմի տպարանը իր կարգին լծուեցաւ կրօնական, եկեղեցագիտական, պատմական եւ գրական երկերու հրատարակութեան։ Ս. Յակոբեանց միաբանութեան տպարանէն 1843ին լոյս տեսաւ Յովհաննէս Դրասխանակերտցիի «Պատմութիւն» հատորը, իսկ աւելի ուշ՝ Եսայի Հասան æալալեանի «Պատմութիւն Համառօտ Աղուանից Երկրին» (1868), Վարդան Արեւելցիի «Պատմութիւն Թաթարաց» (1870) երկերն ու այլ շահեկան գիրքեր։ Տպարանը շարունակեց գործել նոյն նուիրումով՝ հրատարակելով թարգմանական, պատմաբանասիրական, գրականագիտական եւ գրական թանկարժէք հատորներ։Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքութիւնը եւս շարունակեց հրատարակչական աշխատանքը, սակայն աւելի սահմանափակ տարողութեամբ։ Երկրին ներքին պայմանները թոյլ չտուին, որ պատրիարքութիւնը առաջնահերթ կարեւորութիւն ընծայէ հրատարակչական գործունէութեան։
Հայ Եկեղեցին իր նուիրապետական Աթոռներով հայ գիրքը նկատեց իր հաւատքի առաքելութեան կենսական տարածքներէն մէկը՝ անցնող 500 տարիներուն տպագրական ու հրատարակչական աշխատանքներուն բերելով իր ամբողջական ու գործօն մասնակցութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.