2012-03-02 13:27:03

Փաքիստանի Փոքրամասնութիւններու Նախկին Նախարար Նահատակ Շահպազ Պհաթթիի Յիշատակին Նուիրուած Հսկում։


Կազմակերպութեամբ՝ Սանթ էճիտիօ մարդասիրական հասարակութեան եւ աջակցութեամբը՝ Իտալիոյ Փաքիստանցի քրիստոնեայ հասարակութեան Ուրբաթ 2 Մարտի երեկոյեան, Հռոմի Ս. Բարթողոմէոս Պազիլիքայի մէջ տեղի կ՛ունենայ աղօթքի հսկում մը, նուիրուած՝ Փաքիստանի Փոքրամասնութիւններու նախկին նախարար նահատակ Շահպազ Պհաթթիի յիշատակին, անոր մահուան տարելիցին առթիւ։ Նշենք որ Պհաթթի սպաննուած էր ծայրահեղ մահմետականներու կողմէ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու հանդէպ իր ցուցաբերած յանձնառումի պատճառաւ։ Իսկ Սուրբ Բարթողոմէոս Պազիլիքան որ կը գտնուի Հռոմի Թիպերինա գետակղզիի վրայ, ՅՊԲ.ի խնդրանքով դարձած է նահատակներու եւ հաւատքի վկաներու յիշատակութեան վայրը, ուր զետեղուած է Շահպազ Պհաթթիի պատկանած Սուրբ Գիրքը ։Նոյն խորանին վրայ պահուած է նաեւ Մարտինի 1915ի ողբերգրական ջարդերու զոհ՝ երանելի Իգնատիոս Մալոյեան հայ կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսի ձեռագիրը։

Նշենք նաեւ որ յետ միջօրէին Լատերանեան համալսարանի մէջ եւս ոգեկոչման արարողութիւն մը տեղի կ՝ունենայ նուիրուած՝ Շահպազ Պհաթթիի յիշատակին, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուի ֆրանչէսգա Միլանոյի <<Հայհոյողի մը մահը>> վերնագրով գիրքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.