2012-03-02 13:28:07

Ուկանտայի Կաթողիկէ Եկեղեցին Պատրաստած Է Յայտագիր Մը, Սիտայի Դէմ Պայքար Մղելու։


Կը ծրագրէ օգնութեան հասնիլ աւելի քան 22 հազար հիւանդներուն։
Ուկանտայի եպիսկոպոսական դասը մտադիր է մէկ մարտէն սկսեալ խնամել աւելի քան 22.656 սիտայի ախտէն տառապող հիւանդներ։ Այս ծրագիրին նպատակն է հզօրացնել երկրի առողջապահական կառոյցը։ Ծրագիրը կը նախատեսէ երկրի 18 հիւանդանոցներուն մէջ խնամել սիտայի հիւանդները, մասնակցութեամբ՝ ամերիկեան "Faith-Based" կազմակերպութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.