2012-03-02 13:27:33

Հայութիւնը Յուզող Հարցերը Կը Ներկայացուին Քլինթընին։ Քոնկրեսական Ատամ Շիֆ Կը Յիշեցնէ Քլինթընին Իր Անցեալի յայտարարութիւնները Հայկական Ցեղասպանութեան Մասին։


Փետրուար 29ին, Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին եւ Արտաքին գործողութեանց յատկացումներու ենթայանձնախումբին առջեւ վկայութեանց ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընին ներկայացուեցաւ հայութիւնը յուզող շարք մը հարցերու մասին հարցումներ: Քլինթընը նեղ կացութեան մատնուեցաւ յատկապէս Հայկական Ցեղասպանութեան մասին իր խուսափողական կեցուածքին համար:
Քոնկրեսական Ատամ Շիֆ անգամ մը եւս հասկցուց Քլինթընին որ վերջ տայ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին ապատեղեկատուական հաստատումներուն՝ յիշեցնելով Հայկական Ցեղասպանութիւնը հաստատող ամերիկացի պաշտօնատարներուն, ներառեալ նոյնինքն Հիլըրի Քլինթընի՝ անցեալի յայտարարութիւնները, սակայն Քլինթըն նախընտրեց մնալ իր խուսափողական կեցուածքին վրայ: Քլինթըն անգամ մը եւս Հայկական Ցեղասպանութեան մասին խօսելու ընթացքին զայն պարզապէս «ահաւոր դէպքեր» կոչեց , միաժամանակ կոչ ընելով՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի իշխանութեանց, որ անոնց շուրջ խորհրդակցութիւններ ունենան:
Ատամ Շիֆ պատասխաեց որ «սովորական բառերով չեմ կրնար բացատրել, թէ ձեր վերջին յայտարարութիւնը որքա՛ն վիշտ պատճառեց Ամերիկայի հայ համայնքին եւ մարդկային իրաւանց շարժման գործիչներուն»։(Շիֆի հարցապնդումը կարելի է դիտել http://youtu.be/-ZtcdoqQU-4 կայքէջին վրայ):
Ապա այլ Քոնկրեսականներ Ճես Ճեքսըն եւ Սթիւ Ռաթմըն երկրորդած են Շիֆի խօսքերը:
Այս շաբթուան ընթացքին Քլինթընէն Ցեղասպանութեան յստակ ճանաչումը պահանջող նամակ մը ստորագրած էին աւելի քան 60 քոնկրեսականներ:
Իր կարգին, Պրետ Շըրմըն շեշտը դրաւ Ջաւախքի հայութեան օժանդակութիւն տրամադրելու կարեւորութեան վրայ՝ յիշեցնելով Քլինթընին, որ Ուաշինկթըն առատաձեռն օժանդակութիւն կը տրամադրէ Վրաստանի իշխանութեանց:
Նաեւ, Տէյվիտ Սիսըլին իրեն վերապահուած ժամանակին մէկ մասը յատկացուց Թուրքիայէն՝ քրիստոնեաներէ գրաւուած եկեղեցիներուն ու եկեղեցական կալուածներուն վերադարձը պահանջող բանաձեւին իրագործումը ապահովելու աշխատանքներուն:
Շարք մը քոնկրեսականներ նաեւ գրաւոր հարցումներ ներկայացուցած են Քլինթընի:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան դրուատեց հայութիւնը յուզող հարցերը լուսարձակի տակ առած բոլոր քոնկրեսականները եւ ակնարկելով Քլինթընի կեցուածքին՝ աւելցուց. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ գործուած յանցանք է, որուն համար միջազգային արդարութիւն կը պահանջուի. անիկա միջնորդութեան կարիք ունեցող երկկողմանի հակամարտութիւն չէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.