2012-03-02 11:15:41

Երուսաղէմի Քրիստոնեայ Հասարակութեան Կոչը Իսարայէլի Նախագահին՝ Արտայայտուելու՝ Քրիստոնեաներու Դէմ Կատարուած Նախայարձակումներուն եւ Նախատինքներուն։


Ծայրայեղ հրեաններու կողմէ կատարուած պղծագործութիւններուն, քրիստոնեայ սրբավայրերուն դէմ, Ս. Երկրի պահակը հայր Բիցապալլան Իսրայելի նախագահ Շիմոն Բերէզին յղած է նամակ մը, խնդրելով արտայայտուիլ ծայրայեղ հրեաններու կողմէ գործուած պղծութիւններուն դէմ, ընդգծելով որ քրիստոնեայ հասարակութիւնը մտահոգ է կատարուածին վրայ։ Ծայրայեղ հրեաները ''մահ քրիստոնեաներուն'' ''Ձեզ խաչ պիտի հանենք'' լոզունգներ արձանագրած են եկեղեցիներու պատերուն վրայ։ Նամակին մէջ հայր Բիցապալլա Իսրայէլի նախագահէն կը խնդրէ որ իր հեղինակութիւնը գործադրէ եւ ձերբակալել տայ հրեայ ծայրայեղները։ Նման լոզունգները, կը գրէ հայր Բիցապալլա, կը վիրաւորեն Ս. Երկրի բոլոր հաւատացեալներու զգացումները, որ կրօնի ալ պատկանին անոնք, ինչպէս նաեւ տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու զգացումները։ Նշենք որ նման արարքներ յաճախակի են Երուսաղէմի մէջ։ Քահանաները, եւ մասնաւորաբար հայ քահանաները, որոնք կ'ապրին հին Երուսաղէմի մէջ, հրեայ թաղամասերէն անցած ատեն, թիրախ են հրեաներու նախատինքին ու թուքին, կը գրէ Հաարեց օրաթերթը։ Հայր Բիցապալլա ցաւով դիտել կու տայ որ ոստիկանութիւնը տակաւին այդ հրեայ ծայրայեղներէն եւ ոչ մէկը ձերբակալած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.