2012-03-01 13:28:56

Փրոֆ. Հիւսըն Մխիթարեաններու Մասին Պիտի Դասախօսէ «Էսքիճեան» Թանգարանին Մէջ


Միշըն Հիլզ.(Գալիֆորնիա) - Կիրակի, Մարտ 4ին, հայագէտ փրոֆ. Ռապըրթ Հիւսըն, պիտի ներկայացնէ անգլերէնով դասախօսութիւն մը ՜՜ հայութեան զարթօնքին մէջ Մխիթարեան հայրերու ունեցած ներդրումներուն մասին՝՝, «Արարատ տան» «Էսքիճեան» թանգարանի «Յասմիկ Մկրտիչեան» սրահին մէջ (15105 Mission Hills, CA): Ձեռնարկը, կը հովանաւորուի թանգարանին, «Հայ մշակոյթի մտաւորականներ» կազմակերպութեան եւ Հայկական ուսմանց եւ ուսումնասիրութեանց ազգային միութեան կողմէ: Աւարտին տեղի պիտի ունենայ ընդունելութիւն մը՝ ի պատիւ դոկտ. Հիւսընի:








All the contents on this site are copyrighted ©.