2012-03-01 13:28:10

Վատիկանեան Թանգարաններու Գաղտնի Պահուած Պատմական 100 Փաստաթուղթերը Մայրաքաղաքի Թանգարանին մէջ՝ 29/02- 9/09 / 2012 ։


Առաջին անգամ ըլլալով Վատիկանեան սահմաններէն դուրս կ՝ելլէն Վատիկանեան թանգարաններու շարք մը փաստաթուղթերը որոնք ցուցադրութեան դրուած են Հռոմի ՝՝Մուզէի Գաբիթօլինի՝՝ Թանգարանին մէջ(մայրաքաղաքի թանգարանը) հիմնուած Սիքստոս Դ.ի կողմէ 1471ին։ : Այս Փաստաթուղթերու գոյութեան մասին տեղեկութիւն ունէին միայն բարձրաստիճան հոգեւորականներ ու որոշ գիտնականներ։
Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Վատիկանի Թանգարաններու 400 ամեակին առիթով: Ընդհանուր առմամբ` ցուցադրուած շուրջ 100 նմուշներուն մէջ ներկայացուած են 15 դարերու պատմութիւն , ընդգրկելով աշխարհի գրեթէ բոլոր տարածաշրջանները:
Յատկապէս յիշատակման արժանի են` Կալիլէօ Կալիլէյի ստորագրութեամբ դատավճիռի փաստաթուղթը, որ տրուած է զայն քննութեան ենթարկելէն առաջ, 13 ամեայ Մոցարթի պարգեւատրման հրամանը, Ճորտանօ Պրունոյի դատավարութեան առընչուող փաստաթուղթեր եւ այլն:
«Հարցը փաստաթուղթերու քանակին մէջ չէ, այլ` անոնց որակին, այստեղ ամէն ինչ կայ, հին Եւրոպայէն մինչեւ Ասիա, Ամերիկայի յայտնաբերումէն մինչեւ 2րդ Համաշխարհային պատերազմ», ( ըսած է Վատիկանեան Թանգարաններու վարիչը Սերճիօ Փականօ Եպիսկոպոսը):








All the contents on this site are copyrighted ©.