2012-03-01 12:16:30

Սրբազան Քահանայապետի Մարտ Ամսուայ Ընթացքին Գլխաւորած Արարողութիւնները


Կիրակի 4 մարտին Սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութիւնը կը կատարէ Սալէսի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի անուան Հռոմի Թորրինօ շրջանի ժողովրդապետութեան ուր առաւօտեան 9.30 կը գլխաւորէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը։
Շաբաթ 10 մարտին, յետ միջօրէին՝ San Gregorio al Celio Պազիլիքայի մէջ, Գանդէրպուրրիի արքեպիսկոպոսին այցելութեան առթիւ՝ Սրբազան հայրը կը գլխաւորէ ժամասացութեան արարողութիւնը։
Մինչ՝ 23 - 29 մարտ Պենետիկտոս ԺԶ. Առաքեալական այցելութիւնը կը կատարէ Մէքսիքօ եւ Գուպա ուր հանդիպում պիտի ունենայ Մեքսիքայի եւ Գուպայի նախագահներուն հետ, պիտի այցելէ զանազան վայրեր ու պիտի գլխաւորէ ծիսական արարողութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.