2012-03-01 13:29:28

Հայկականի Որոնումը Կատարելու Համար, Ուղղակի Պէտք է Այցելել Իտալիա՝ Նափոլի։ Ալպոմի Շնորհանդէսը Իտալական Դեսպանատան մէջ՝Երեւան։


28 Փետրուարին, Հայաստանի մէջ գործող Իտալիոյ Դեսպանատան մէջ տեղի ուենցաւ «Նէափոլի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցի» հայերէն եւ իտալերէն լեզուներով հրատարակուած ալպոմին շնորհանդէսը:
Հայաստանի մէջ Իտալիոյ արտակարգ եւ լիզօր դեսպան Տիար Պրունօ Սգաբինի ելոյթի իր խօսքին մէջ նշեց, որ իբրեւ հայ-իտալական նախագիծ, հաւանաբար, այս աշխատանքը իր չափերով թուի փոքր, սակայն ան հաւաստիացուց, որ անիկա իր նշանակութեամբ շատ մեծ է:
Գիրքին տպագրութիւնը իրականացած է ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան եւ Հայաստանի մէջ Իտալիոյ դեսպանատան կողմէն, որ առաջին անգամ ցուցադրուած է 2011ին Վենետիկի մէջ կայացած «Հայաստան քաղաքակրթութեան դրոշմներ» խորագիրով ցուցահանդէսին ծիրէն ներս:
Ալպոմին մէջ ներկայացուած են Նէափոլի Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցւոյ մէջ գտնուող 17րդ դարու իտալացի յայտնի նկարիչ Լուգա Ճորտանոյի կողմէ ստեղծուած որմնանկարները:
Շնորհանդէսին ներկայ ՀՀ Մշակոյթի փոխնախարար Արթուր Պօղոսեան՝ գիրքին անդրադառնալէն առաջ՝ նախ յիշեցուց, որ այս տարի ՀՀ-ի մշակութային կեանքին մէջ նախատեսուած է կարեւոր երկու մեծ ձեռնարկ` հայկական գրատպութեան 500ամեակին ծրագիրը, որ անցեալ տարի մեկնարկած է Վենետիկէն, քանի որ Վենետիկը կը հանդիսանայ գրատպութեան օրրանը, ինչպէս նաեւ այն, որ Հայաստան այս տարի ճանչցուած է գիրքի մայրաքաղաք:
Փոխնախարարը կարեւոր համարեց հայ-իտալական համագործակցութիւններէն այն համաձայնագիրը, ըստ որուն, Հայաստանի եւ Իտալիոյ միջեւ պիտի ստեղծուի տարածաշրջանային վերականգնողական մեծ Կեդրոն, ուր պիտի ներառուին տարբեր բաժիններ, բացի մշակութային գործերու վերականգնման տարրալուծարանի ստեղծումէն, նաեւ պիտի ըլլան նախագիծեր` մասնագէտներու վերապատրաստման ուղղութեամբ: «Այս ծրագրի իրականացման համար համապատասխանաբար Իտալիայի հանրապետութիւնը Հայաստանին է տրամադրել 1.2 միլիոն դրամ գումար»,- ըսաւ փոխնախարարը:
Պրունօ Սգաբինի նշեց, որ իրեն համար վերջին յայտնագործութիւնը եղած է այն, որ Պարի քաղաքի մօտակայքը հայկական ներկայութեան հետքեր բացայայտուած են: «Այստեղ հայերը հաստատուած են 20ականներուն եւ ստանալով կառավարութեան աջակցութիւնը, հիմնած են կերպասեղէնի արտադրութիւն, մասնաւորապէս գորգեր: Իսկ տարածքը ստացած է Նորաքսան անունը»,- ըսաւ ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.