2012-03-01 12:17:33

Արդարութիւն Եւ Խաղաղութիւն Քահանայապետական Խորհուրդի Համաշխարհային ֆինանսաւորումի Բարեփոխումի Առաջարկ։


Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի գնահատումով համաշխարհային հարստութիւնները պէտք է օգտագործուին ոչ միայն անմիջական շահ հետապնդելու նպատակով այլ պէտք է աշխատիլ գործարաններու տեւականութեան ի խնդիր։ Հետեւաբար հարկ է ստեղծել ֆինասական թէ դրամական կայուն շուկաներ ազգային թէ միջազգային գետնի վրայ, յայտարարած է վերոյիշեալ քահանայապետական խորհուրդի քարտուղարը` գերապայծառ Մարիօ Թոզօ, ընդգծելով որ քահանայապետական խորհուրդը առաջարկներ ներկայացուցած է բարեփոխելու ՄԱԿը եւ համաշխարհային ֆինանսական ու տնտեսական մարմինը։ ՜՜Հարկաւոր է աշխատիլ համաշխարհային տնտեսութեան բարգաւաճումին ու հասարակաց բարիքին համար՝՝ յայտնած է ան։








All the contents on this site are copyrighted ©.