2012-03-01 13:28:25

Աստուածաշունչի Միջեկեղեցական Ցուցահանդէս Վատիկանի Մէջ


Վատիկանը իր հողի վրայ ընդունած է միջկրօնական Աստուածաշունչի ցուցահանդէսը` ''Աստուծոյ Խօսքը'' դարերու հոլովոյթին բնաբանով, կազմակերպութեամբ՝ մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդին։ Ցուցասրահը կը ցոլացնէ Ս. Գրքին մէջ յիշուած կարգ մը վայրեր։ Այցելուն ինքզինք յանկարծ կը գտնէ Ս. Երկրին մէջ` Անդրյորդանանի Քումրանի վայրը, բախտը կ'ունենայ, առաջին անգամուան համար, տեսնելու մեռեալ ծովու ձեռագիրներէն կտոր մը, Միջին դարերու Ս. Գիրքի օրինակներ։ Աւելի անդին, այցելուն հանդիպում կ'ունենայ Կիւթենպերի հետ, ուր կը փորձէ տպագրել էջ մը Աստուածաշունչէն։
Ցուցադրուած 150 նմոյշներու մեծամասնութիւնը եկած են la "Green collection", ամերիկեան մեծագոյն Ս. Գրային հաւաքածոյէն։ Նշենք որ Ս. Գիրքի ցուցահանդէսը համամիութենական բնոյթ ունի, որուն մասնակցած են կաթողիկէներ, բողոքականներ, օրթոտոքսներ եւ հրեաներ։ Ցուցասրահին մուտքը անվաճառ է։ Այս նախաձեռնութիւնը կ'ընդառաջէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի կամքին, որ կ'ուզէ որ մեծ ուշադրութիւն տրուի Աստուծոյ խօսքին։ Սրբազան Հայրը 2010-ի առաքելական յորդորագիրին մէջ կը գրէ հետեւեալը. ''կը բաղձամ անգամ մը եւս յորդորել Աստուծոյ ժողովուրդը` ըլլան անոնք հովիւներ, նուիրեալ անձեր եւ աշխարհականներ, որ յաձնառումով աշխատին ու ընտելանալ Ս. Գիրքին''։








All the contents on this site are copyrighted ©.