2012-02-29 15:25:46

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Սրբազան Քահանայապետը ու Վատիկանի Վերին Վարչութեան անդամները 26 Փետրուարէն մինչեւ 3 Մարտ Հոգեւոր Կրթութեան կը մասնկացին առ այդ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը արկախուած կը նկատուի։ Նորին Սրբութեան հրապարակային գործունէութիւնները կը վերսկսին Շաբաթ 3 մարտի առաւօտեան Հոգեւոր Կրթութեան աւարտին։ Նշենք նաեւ որ Կիրակի 4 մարտի առաւօտուն Սրբազան հայրը հովուական այցելութիւն մը պիտի կատարէ Հռոմի Թորրինօ շրջանի Սալէսի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի անուան ժողովրդապետութեան

Ռատիօվատիկանի Մարքոնի անուան սրահին մէջ առաւօտեան 11.30-ին՝ տեղի ունեցաւ <> ցուցահանդէսի ներկայացումը որ կը վայելէ Քահանայապետական Մշակոյթի Խորհուրդի հովանաւորութիւնը եւ որուն կէտնպատակն է այցելուներուն աւելի դիւրիմաց դարձնել Աստուածաշունչի շքեղ պատմութիւնը։

Յիսուսեաններու Գրիգորեան համալսարանին մէջ, Արկէնթինցի Աստուածաբան Գարլոս Մարիա Կալլին կը բանախօսէ <<Նոր Աւետարանացումի նիւթին մասին։

Միլանօ։ Միլանոյի քաղաքապետարանի եւ Միլանօ/Ընտանիք 2012 Հիմնարկի նախաձեռնութեամբ՝ Միլանոյի մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը ներկայացնելու համար <<Իտալական ընտանիքը>> նկարներու ցուցահանդէսը։ Ցուցհանդէսի բացումը կը կատարուի մարտ մէկի երեկոյեան ժամը 18ին Միլանոյի Արքեպիսկոպոս Կարտինալ Անճելօ Սքոլայի ներկայութեամբ։ Վերոյիշեալ ցուցահանդէսը որ վերջ կը գտնէ 2012-ի՝ ապրիլ մէկին, մաս կը կազմէ 30 մայիսէն - 3 յուլիս Միլանոյի մէջ նշուելիք Ընտանիքներու համաշխարհային 7րդ հաւաքի ծիրէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկներուն։


Վատիկանեան Դիւանի հիմնարկութեան Դ. դարադարձին առթիւ` Իտալիոյ մայրաքաղաք՝ Հռոմի Թանգարանին մէջ, այսօր բացումը կը կատարուի “Lux in Arcana” Վատիկանեան Գաղտնի Դիւանը Կը Յատնուի>> ցուցահանդէսին, որ կը պարունակէ հարիւրէ աւելի պատմական թանկարժէք եւ արտակարգ վաւերաթուղթեր ։







All the contents on this site are copyrighted ©.