2012-02-29 15:23:12

Սրբազան Քահանայապետին Մարտ Ամսուայ Աղօթքի Դիտաւորութիւնները


Մարտ ամսուայ համար, Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան Քահանայապետը ընտրած է որպէս աղօթքի ընդհանրական դիտաւորութիւն` որպէսզի համայն աշխարհի մէջ ճանչցուի Կիներու տուած սատարը ընկերութեան զարգացման ի նպասւտ։
Ապա Սրբազան Հայրը առաջարկած է որպէս առաքելական դիտաւորութիւն՝ որպէսզի Սուրբ Հոգին շնորհէ հաստատակամութիւնը բոլոր անոնց որոնք` յատկապէս Ասիական ցամաքամասի մէջ` ենթարկուած են խտրականութեան ու հալածանքի, եւ Քրիստոսի Անունին համար մահուան դատապարտուած։








All the contents on this site are copyrighted ©.