2012-02-29 15:19:40

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Մասնկացութիւնը Միլանոյի Ընտանիքներու 7-րդ Համաշխարհային Հանդիպումին։


Ընտանիքներու 7-րդ համաշխարհային հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Միլանօ քաղաքին մէջ, 30 մայիսէն - 3 յունիս եւ ունի որպէս բնանիւթ <<Ընտանիքը աշխատանքը եւ տօնը>>։ Այս առթիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Յունիս մէկին հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Միլանօ եւ Միլանոյի աշխարհահռչակ Սքալա Թատերասրանին մէջ (երեկոյեան) ներկայ պիտի գտնուի համերգի մը։
2 Յունիսին՝ Նորին Սրբութիւնը Միլանոյի Duomo-ին մէջ պիտի նախագահէ ժամասացութեան արարողութեան, մասնակցութեամբ՝ քահանաներու, կրօնաւորներու եւ կրօնաւորուհիներու. որմէ ետք պիտի ուղղուի Միալնոյի Սան Սիրօ մարզադաշտը, ուր ժամը 11-ին՝ երիտասարդներուն հետ հանդիպում մը պիտի ունենայ։ Յունիս 2-ի երեկոյեան՝ Սրբազան Քահանայապետը պիտի հանդիպի քաղաքական իշախանութիւններուն հետ ու ապա պիտի ուղղուի Պրէսսօ Օդակայանը ուր նախատեսուած է Ընտանիքներուն հետ հանդիպումը <<վկայութեան տօնը>> ձեռնարկի ծիրէն ներս։ Հանդիպման աւարտին Սրբազան Հայրը կը վերադառնայ Միլանոյի արքեպիսկոպոսարան ուր կը գիշերէ։
Յաջորդ օրը՝ Կիրակի առաւօտեան ժամը 10-ին դարձեալ Պրէսսօ Օդակայանի տարածքին վրայ, Նորին Սրբութիւնը պիտի նախագահէ Սուրբ Պատարագին որուն աւարտին (նոյն վայրէն) պիտի արտասանէ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը. հուսկ պիտի վերադառնայ Արքեպիսկոպոսարան ուր եպիսկոպոսներուն ու կղերին հետ միասին պիտի մասնակցի սիրոյ ակափի մը ։
Սրբազան Քահանապետին Միլանոյի մէջ նախատեսուած վերջին հանդիպումը ժամը 16.30-ին է ՜՜Միլանոյի Ընտանիք 2012՝՝ հիմնարկի անդամներուն եւ ՜՜Միլանոյի Ընտանիքներու 7-րդ Համաշխարհային հանդիպումի՝՝ կազմակերպիչներուն հետ։ Ժամը 17-ին Սրբազան Հայրը կ՛ուղղուի դէպի Լինաթէ օդակայանը (Միլանօ) վերադառնալու՝ Վատիկան։
Սրբազան Քահանայապետին Միլանոյի այցելութեան յայտագրին ներկայացումը կատարուեցաւ Միլանոյի արքեպիսկոպոսարանին մէջ, երեքշաբթի 27 փետրուարի կէսօրին։








All the contents on this site are copyrighted ©.