2012-02-29 15:18:06

Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օրուայ Առթիւ՝ Հայ Լեզուաբանները Կը Զգուշացնեն.


Մայրենի Լեզուի Անտեսումը Պիտի Յանգեցնէ Լեզուի Կորուստին:
Հայաստանի մէջ նախորդ շաբաթ նշուեցաւ մայրենի լեզուի միջազգային օր, որուն առիթով կայացան հայոց լեզուի վերաբերեալ քննարկումներ: Հայ լեզուաբաններուն բնորոշումով՝ տարբեր ասուլիսներու, գիտաժողովներու ընթացքին, հասարակական ցանցերու վրայ հնչող ե՛ւ արդի խօսակցական, ե՛ւ լրատուամիջոցներու լեզուն աղաւաղուած ու աղճատուած է։ Անոնք կ՛ահազանգեն, որ ժարկոնային (փողոցի լեզու), բարբառային, ինչպէս նաեւ քերականական ու արտասանական սխալներով խօսքը ներթափանցած է պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններուն մէջ, իսկ ունկնդիրը կը կարծէ, թէ այդ է ճիշդը եւ այդպէս պէտք է խօսիլ: Մասնագէտները յատկապէս կը քննադատեն դիպաշարերու, կատակերգական բնոյթի եւ առաւօտեան հաղորդումներու ընթացքին հնչող հայերէն խօսակցութիւնները, որոնց հեղինակները՝ ի պատասխան այս գծով իրենց կատարուած մատնանշումներուն, միշտ կը պնդեն, որ իրենք բեմագրութիւնները կը գրեն այն լեզուով, զոր կը գործածէ ժողովուրդը կամ այն հերոսը, զոր իրենք կը պատկերացնեն իրենց բեմագրութեան մէջ:
Ըստ Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան բաժանմունքի ոճագիտութիւն, հայոց լեզուի եւ խօսքի մշակոյթի հիմունքներու դասախօս Անահիտ Ադիլխանեանին ՜՜Զանգուածային լրատուամիջոցների լեզուն պէտք է գրական նորմի սահմաններում լինի՝՝։ Իսկ տեղեկատուական անվտանգութեան հարցերով փորձագէտ Վահրամ Միրաքեանի ու շուրջ 44 տարուան մանկավարժ ու հայոց լեզուի ուսուցիչ Համլէտ Նահատակեանի համաձայն ՜՜Հեռուստատեսիլի յայտագիրները պէտք է ըլլան դաստիարակչական թէ բարոյական եւ թէ լեզուական իմաստով՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.