2012-02-29 13:37:42

Եթէ Ցեղասպանութիւն Մը Օրէնքով Ընդունուած է, Ցեղասպանութիւնը Մերժողները Նոյնպէս Պէտք է Պատժուին՝՝ Կ՝ըսէ Երեսփոխան Վալերի ՊՈՅԷՐ։


Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը հակասահմանադրական յայտարարեց ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը,պատճառաբանելով, որ ան կը հակասէ խօսքի ազատութեան: Օրինագծին դէմ հանդէս եկած խորհրդարանականները, անոր սահմանադրականութիւնը վիճարկելու նպատակով, Յունուար 31ին դիմում ներկայացուցած էին Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդ:
Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի երէկուան որոշումին մասին կարծիք յայտնող Ցեղասպանութիւններու մերժումը քրէականացնող օրինագիծի հեղինակ Վալերի Պոյէր ըսած է,հետեւեալը՝՝Սահմանադրական Խորհուրդը երկու ցեղասպանութիւններու մասին տարբեր վերաբերմունք ցուցաբերեց: Հրէական եւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը մէկ նժարի վրայ չի դրուեցան: Շատ կը ցաւիմ, բայց վճռակամ եմ: Կառավարութեան հետ նոր օրինագիծի մասին պիտի խօսինք։ Իմ կարծիքով, եթէ Ցեղասպանութիւն մը օրէնքով ընդունուած է, ցեղասպանութիւնը մերժողները նոյնպէս պէտք է պատժուին: Ասիկա արդարութեան, հաւասարութեան եւ մարդու իրաւունքներու պահանջքն է» (ըսած է Վալերի Պոյէր) ։








All the contents on this site are copyrighted ©.