2012-02-29 15:24:33

Անգլիոյ Ազգային Ժողովի Ներկայացուցիչները Մտահոգ Են Երկրին Մէջ Կրօնական Կազմաւորումի Պակասին Ի Տես։


Անգլիացի միջ-ազգային ժողովականներու մէկ խումբը պահանջած է որ աւելի յարգանք ցոյց տրուի քրիստոնեաներու հանդէպ։ Անոնց գնահատումով դատաւորներու, քաղաքագէտներու ու պետական պաշտօնեաներու մօտ կրօնական կազմաւորումի պակասը շատ զգալի է։ Անոնք կը մաշնանշեն որ շատ մը հարցեր կը ծագին կրօնական հաւատալիքներու անհասկացողութենէն։ Այդ տգիտութիւնը յայտնի է օրէնսդրութեան ու ատեաններու մէջ։ Վերոյիշեալ խումբին տեղեկագիրը հիմնուած է 32 պարագաներու ուսումնասիրութեան վրայ, ուր քրիստոնեաները իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են ատեանի անարդար վարուելակերպին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.