2012-02-28 12:36:00

Վատիկանի Պետական Քարտուղարին Այցը Սան Գարլօ Մանկաբուժարանը։


Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը կարտինալ Պերթոնէ այցելութիւն տուած է Բոդենցայի մանուկներու հիւանդանոցը։ Կարտինալը իր ողջոյնի խօսքին մէջ ընդգծած է կարեւորութիւնը՝ այս նոր կառոյցին, որուն նպատակն է ամոքել ցաւը ու մեղմացնել տառապանքը մանուկներուն եւ օգնութեան հասնիլ Հռոմէն հեռու բնակող անոնց ծնողներուն։
Նշենք որ Հռոմի ''Մանուկ Յիսուս'' կոչուած մանկահիւանդանոցը, որ կը պատականի Ս. Աթոռին, յունուար ամսոյն մէջ, Պազելիքադա մարզին մէջ, բացումը կատարած է նոր մանկահիւանդանոցին։
Այս հիւաննդանոցը կառուցուած է, ընդառաջելու՝ հարաւային Իտալիոյ վատառողջ մանուկներու պահանջքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.