2012-02-28 12:36:58

Վատիկանի Դրամատան Տնօրէնի Գնահատումով՝ ՜՜Համաշխարհականացած Երկրագունդը Ի Վիճակի Չէ Հանդուրժելու Նոր Ռազմավարութիւն Մը։


Համաշխարհականացած մեր երկրագունը կարող չէ հանդուրժել նոր քաղաքականութիւն մը, յայտարարած է Վատիկանի դրամատան տնօրէնը Էթթորէ Դետեսքին, ընդգծելով որ բարգաւաճ երկրիները պէտք է աշխատասիրեն ռազմավարութիւններ, կարող՝ հաւասարակշռելու հարստութիւններու բաշխումը։ Համայն աշխարհը զօրակցութեան ու արդարութեան ոգիով տոգորուած` պէտք է միանայ, դուրս գալու ներկայ տնտեսական տագնապէն ու հրաժարելու եսասիրութենէն։ Իսկ նորաճ երկրիները պէտք է մասնագիտանան եւ ընդունին ներկայ օրէնքները։ Վատիկանի դրամատան տնօրէնի գնահատումով ընտանիքը ճշմարիտ շարժակ է արեւմտեան տնտեսութեան վերազարթնումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.