2012-02-28 11:22:31

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Հովուական Այցելութիւնը Իտալիոյ Թոսքանա Մարզի Արեցօ Թեմին։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յառաջիկայ 13 մայիսին հովուական այցելութիւն կը կատարէ Իտալիոյ Թոսքանա մարզի Արեցօ-Գորդոնա-Սանսեբոլգրօ թեմին, որ Հռոմէն 200 քիլոմեթր հեռու է։ Սրբազան Հայրը առաւօտեան ժամը 8.30-ին կը մեկնի ինքնաթիռով։ Ժամը 10-ին բացօթեայ պատարագ կը մատուցէ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ։ Կէսօրին` Ողջ լեր թագուհի մարեմեան աղօթքը կ'արտասանէ։
Թոսքանա մարզի եպիսկոպոսներու հետ ճաշելէ ետք թեմի եպիսկոպոսարանին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ինքնաթիռով կ'ուղղուի դէպի ֆրանչիսքեաններու Վեռնա կոչուած սրբավայրը, Բեննա լերան գագաթը, ուր սուրբ ֆրանչիսքոս ասեզացին ստացաւ 1224-ին Յիսուսի սպիները։ Սրբազան Քահանայապետը կ'այցելէ սպիներու մատուրը, կառուցուած՝ սուրբ ֆրանչիսքոսի մահէն ետք։ Մատուռին կեդրոնը զետեղուած է մարմարէ նշան մը որ ցոյց կու տայ վայրը ուր սուրբ ֆրանչիսքոս ստացաւ սպիերը։ Սրբավայրին հրապարակը Նորին Սրբութիւնը խօսքը պիտի ուղղէ կրօնաւորներու եւ երիտասարդներուն։
Ժամը 18-ին Սրբազան Քահանայապետը դարձաեալ ինքնաթիռով պիտի ուղղուի Սանսեբոլքրօ այցելելու չորս աւետարանիչներու եւ Ս. Թաղման նուիրուած մայր եկեղեցին, որուն սկզբնական կառուցումը 11-րդ դարուն կատարուած է։ Սրբազան Հայրը պահ մը աղօթք պիտի կատարէ Քրիստոսի փայտէ արձանին առջեւ, փորագրուած 9-րդ դարուն, անիկա հաւատացեալներէն մեծ պաշտամունքի առարկայ է։
Մայր տաճարին առջեւ Սրբազան հայրը հանդիպում պիտի ունենայ Սանսեբոլքրօ-ի բնակչութեան հետ եւ ապա Հռոմ կը վերադառնայ երեկոյեան ժամը 7.15ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.