2012-02-28 12:35:43

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը
Սոմալիայի Ժամկէտը


Անցեալ օրերուն Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցաւ Սոմալիայի մասին միջազգային կարեւոր համագումար մը։

Ամէնքն ալ կը յուսան որ այս համագումարը ըլլայ մէկնակէտ մը վերականգնել տալու երկրի Պետական կառոյցը որ գոյութիւն չունի 20 տարիներէ ի վեր, պատերազմի ու քաղաքական անկայունութեան պատճառաւ։

Աղքատ երկիր մը` որ միջազգային հանրութեան կողմէ լքուած է իր ճակատագրին ու ենթարկուած՝ քաոսի եւ բռնութիւններու, եւ ուր ժամանակի ընթացքին շրջակայ ծովերու մէջ մշակուեցան ծովահէններու կողմէ կողոպուտներ։

Պատերազմ, սով, աղքատութիւն, մարդկութեան հնագոյն այս իրողութիւնները վայրագօրէն կը խուժեն ժողովուրդներու վրայ որոնք կը կորսնցնեն մարդկային յոյսի նոյնիսկ յիշատակը։ Դժուար է անթիւ անհամար զոհերու հաշուետութիւն կատարել, անյայտ է անոնց թիւը։ Անոնցմէ շատերը մանուկներ են։ Իսկ ՜՜Շապապ՝՝ ծայրահեղ կազմակերպութեան փախստականներու դէմ բանեցուցած ուժգնութիւններու վկայութիւնները ահ ու դող կը պատճարեն։

Կաթողիկեները փոքրամասնութիւն կը կազմեն ու շատ մը շրջաններու մէջ ոչ իսկ գոյութիւն ունին։ Ու սակայն անոնք եւս ունեցան իրենց նահատակները, որոնք զօրակից եղած են երկրի բնակչութեան ցաւերուն։ Ասոնցմէ նշենք Գոլոմպօ եպիսկոպոսը որ 1989-ին՝ Մոկատիշոյի Մայր Տաճարին մօտ սպաննուեցաւ. Նաեւ՝ Կրացիէլլա ֆումակալլին` աշխարհական կամաւոր բժշկուհին՝ սպաննուած իր հիւանդանոցի մէջ 1995-ին. Բժկուհի Աննալէնա Թոնէլլին՝ սպաննուած 2003ին. Քոյր Լէոնէլլա Զկորպաթի` հիւանդապահ կրօնաւորուհին՝ սպաննուած 2006ին։
Թող Համայն եկեղեցին հասկնայ ու ընդունի նաեւ պարտութիւն կրելը ՜՜Սիրոյ յաղթանակին՝՝ համար - գրած էր աննալէնան իր մահկանացուն կնքելէ մի քանի օր առաջ - Այն սէրը որ է ճշմարտութիւն, բարութիւն, բռնութեան դէմ ներում, եւ կարեկցութեան աղբիւր>>։ Այս հոգեւոր ժառանգութեամբ է որ կ՛ուզենք մասնակցիլ հաշտութեան, խաղաղութեան եւ Սոմալիոյ վերակառուցումի ի նպաստ ջանքերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.