2012-02-28 12:34:39

Հայոց Պատմութիւն :
ՏԻԳՐԱՆ Բ. ՇԻՆԱՐԱՐ ԹԱԳԱՒՈՐ:


Մեծն Տիգրան օգտագործեց իր գրաւած երկիրներու հարստութիւնները եւ զանազան հանքերը, մանաւանդ Կապադովկիոյ ոսկիէ հանքերը, որպէսզի զարդարէր ու հարստացնէր իր հողերն ու ամրապնդէր իր սահմանները։
Տիգրանակերտ` Մայրաքաղաք Հայոց
Նկատի առնելով որ Արտաշատը շատ հեռու կը մնար Արեւելեան եւ Հարաւային իր սահմաններէն, Տիգրան որոշեց նոր մայրաքաղաք մը շինել, որ կեդրոնական դիրք գրաւէր իր թագաւորութեան մէջ։ Ան ընտրեց տեղ մը որ կը գտնուէր Արեւելք-Արեւմուտք գծի վաճառականական ճամբուն վրայ եւ հոն շինեց իր Տիգրանակերտ մայրաքաղաքը, որ այժմու Տիարպեքիրի մօտերը կ՛իյնայ։ Ամէն կողմէն բնակիչներ բերաւ եւ բռնի կերպով բնակեցուց հոն, Հայեր, Յոյներ, Ասորիներ եւ Հրէաներ. Կառուցանել տուաւ իր թագաւորական շքեղ պալատը եւ անոր շուրջ` շինել տուաւ աւելի փոքր պալատներ, հարկատու թագաւորներուն եւ ազնուական ընտանիքի պատկանող հայ իշխաններուն համար։ Նաեւ շինել տուաւ պարտէզներ, որսի անտառներ եւ ձուկի աւազաններ։
Տիգրան` Կառավարիչ իր երկրին
Տիգրան կը միացնէր իր մէջ արեւելքցի թագաւորներու բռնատիրական մտայնութիւնը յունասէր եւ հելլենական բարքերուն հետ, որոնք մասնաւորապէս կ՛ամրապնդուէին շնորհիւ իր կնոջ` Կղէոպատրայի, որ զուտ հելլենական կրթութիւն ստացած էր։ Մէկ կողմէն կեդրոնացուց իր ձեռքերուն մէջ երկրի ամբողջական ղեկը, նախընտրելով միջակ բայց հլու հնազանդ գործակիցներ ունենալ քան կարող եւ կազմակերպիչ անձնաւորութիւններով շրջապատուիլ։ Միւս կողմէն` թոյլ տուաւ որ պալատին մէջ ծաղկին արուեստները, ինչպէս թատրոնը, նուագը, արձանագործութիւնը, եւայլն։ Իր գահաժառանգ անդրանիկ որդին` Արտաւազդ եղաւ մեծ թատերագիր ու բանաստեղծ մը, որ արժանացաւ հռովմայեցի հեղինակներու գնահատանքին։
Հայաստանի զինուորական կառոյցը
Հայաստանի զինուորական ուժին գաղտնիքը կը կայանար հետեւեալ տարրերուն մէջ. Ան ունէր տոկուն հետեւազօրք մը, որ կը բաղկանար կորովի լեռնականներէ եւ գիւղացիներէ. Ապա ունէր թեթեւազէն հեծելագունդ մը, կազմուած նետաձիգ ձիաւորներէ, պարթեւական բանակի նմանութեամբ. Ի վերջոյ, բանակի զինուորական հիմը կը կազմէր զրահակիր հռչակաւոր այրուձին, որ ազնուական խաւերէ առնուած պատերազմիկներէ բաղկացած էր, որոնք գլուխէն մինչեւ ազդրը երկաթով պատուած էին, ծանրաշարժ բայց անսասան կերպով կը յառաջանային թշնամիին դէմ։ Կարելի է այս բոլորին աւելցնել թէ Տիգրան ունէր 35.000 հոգիներու աշխատաւոր բանակ մը, որոնք զէնքեր կը պատրաստէին, ճամբաներ կը բանային, կամուրջներ կը շինէին, եւն… օգնելու համար բանակի յառաջխաղացումին։
Տիգրան եւ Միհրդատ
Տիգրան ունեցաւ հիւսիսի կողմէն մեծ դաշնակից մը` իր աներհայրը, Միհրդատ, որ Պոնտոսի թագաւորն էր. Յունական մշակոյթի մէջ մեծցած եւ շատ զարգացած անձ մըն էր ան. Կ՛ըսուի թէ 22 լեզու կը խօսէր։ Տիգրանի եւ Միհրդատի դաշնակցութեան արդիւնքը եղաւ Փոքր Հայքի բաժանումը իրենց միջեւ. Սակայն Միհրդատի պատճառաւ` Տիգրան ստիպուեցաւ պատերազմի մտնել Հռովմէացիներուն դէմ։ Արդարեւ Միհրդատ ի վերջոյ պարտուած ըլլալով Հռոմի դէմ` ապաստանած էր Հայաստան, իր փեսային մօտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.