2012-02-27 12:04:58

Սահմանադրական Հանրաքուէ Սուրիոյ Մէջ։


Սուրիոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նոր սահմանադրութեան նախագիծի շուրջ հանրաքուէ մը, որուն մասնակցութեան համեմատութիւնը, ըստ իշխանութիւններուն, աննախադէպ էր, ուստի իշխանութիւնները կարգ մը նահանգներու մէջ հանրաքուԷի աւարտի ժամկէտը երկարաձգեցին մինչեւ երեկոյեան ժամը 10.00: Ընդդիմութիւնը կոչ ուղղած էր հանրաքուէն պոյքոթի ենթարկելու եւ պահանջած էր Ասսատի անյապաղ հրաժարականը:
Նոր Սահմանադրութիւնը բազմակուսակցական համակարգ կը նախատեսէ, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ երեք ամիսներուն ընթացքին նոր խորհրդարանական ընտրութիւններ:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմ իր կարգին Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մէջ քուէարկելէ ետք լրագրողներուն յայտնեց, որ «նոր սահմանադրութեան նախագիծը Սուրիան նոր հանգրուան մը պիտի փոխադրէ»` նշելով, որ «այս օրը իր տոկունութեան եւ միասնականութեան գծով սուրիացի ժողովուրդի կեանքին մէջ պատմական օր մըն է»:
Ուալիտ Մուալլեմ յայտնեց, որ «սուրիացի ժողովուրդը արժանի եղաւ այս սահմանադրութեան, որուն միջոցով Սուրիան դէպի քաղաքական բազմազանութեան եւ ժողովրդավարութեան հանգրուան կը փոխադրուի»` նշելով, որ «Սուրիա այս սահմանադրութեան շնորհիւ նախկինէն աւելի հզօր պիտի դառնայ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.