2012-02-27 11:37:32

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ու Վատիկանի Վերին Վարչութեան անդամները 26 Փետրուարէն - 3 Մարտ Հոգեւոր Կրթութեան Մէջ։


Կիրկաի 26 Փետրուարի երեկոյեան ժամը 18ին, ի պատրաստութիւն Սուրբ Զատկուայ Յարութեան հրաշափառ տօնին, Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքով ու Ժամասացութեան արարողութեամբ, Վատիկանի մէջ սկիզբ առաւ մէկ շաբաթ տեւող Հոգեւոր Կրթութիւնը որուն կը մասնակցին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը եւ Վատիկանի Վերին Վարչութեան անդամները։
Հոգեւոր կրթութեան խորհրդածական նիստերը տեղի կ՛ունենան Վատիկանի Redemptoris Mater մատրան մէջ։ 2012 տարուայ քառասնորդաց շրջանի հոգեւոր կրթութեան քարոզիչն է Գինշասայի Արքեպիսկոպոս` Գոնկոլացի կարտինալ Լորան Մոնսենկուօ Բազինիան։ Ան որպէս ընդհանուր խորհրդածութեան նիւթ ընտրած է Յովհաննէս առաքեալի առաջին թուղթէն քաղուած հետեւեալ հատուածը << Մեր հաղորդութիւնը ըլլայ Հօր, եւ անոր Որդիին` Յիսուս Քրիստոսի հետ>>։
27 Փետրուարէն եւ մինչեւ 3 Մարտի առաւօտը արկախուած կը մնան Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնները ներառեալ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.