2012-02-27 12:44:45

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Պատրաստ է Ցեղասպանութեան Հատուցման Հարցով Դիմելու Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Ատեանին. (Կ՝ըսէ Արամ Ա.Կաթողիկոսը) ։


Անցեալ Շաբաթ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած «Հայոց Ցեղասպանութիւնը` ճանաչումէն հատուցում» նիւթով միջազգային երկօրեայ համագումարի եզրափակիչ Պատգամը Ուղղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը: ( Այս մասին կը յայտնէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը)։
Վեհափառը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն, որոնք ոչ միայն ներկայ գտնուեցան, այլեւ` քննարկումներուն եւ արժեւորումներուն իրենց մասնագիտական եւ իրաւական մասնակցութիւնը բերին:
Արամ Ա. Կաթողիկոս հաստատեց, որ համագումարը լաւագոյն առիթը հանդիսացաւ մօտէն ծանօթանալու Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին գծով իրաւական տուեալներուն, եւ միջազգային իրաւական մակարդակի վրայ աշխատանքներ կատարելու կարելիութիւններուն:
Վեհափառը ըսաւ, որ Թուրքիա հաւանական է, որ շարունակէ Ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութիւնը` կասեցնելու համար ճանաչումներու ընթացքը: Արամ Ա. Կաթողիկոս պատրաստակամութիւն յայտնեց հատուցման հարցը ներկայացնելու եւ հետապնդելու միջազգային ատեաններուն մէջ:
Խօսելով Հայաստանի Հանրապետութեան դերակատարութեան մասին` վեհափառը շեշտեց, որ պետութիւնը պէտք է իր գործօն մասնակցութիւնը ունենայ ճանաչման եւ հատուցման աշխատանքներուն գծով:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը հաստատեց, որ կաթողիկոսութիւնը` իբրեւ ցեղասպանութեան զոհ, բարոյական եւ օրինական պարտականութիւնը եւ արդար իրաւունքը ունի Թուրքիոյ ներկայացնելու իր կալուածներուն եւ ունեցուածքներուն պահանջը:
Վեհափառը աւելցուց, որ 1915-ին Հհայութեան դէմ կատարուած անմարդկային ոճիրը երեւակայութիւն չէ, այլ` Օսմանեան կայսրութեան համաթրքական քաղաքականութեան արտայայտութիւնը:
Կալուածներու վերատիրացման գծով Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ, որ հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական յարանուանութիւններու եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարութիւններուն հետ միասնաբար պիտի քննարկուին Ցեղասպանութեան հատուցման հարցով միջազգային օրէնքին դիմելու կարելիութիւնները` ՄԱԿ-ի խողովակներով:
Աւելի՛ն. վեհափառը յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պատրաստ է հատուցման հարցով դիմելու Մարդկային իրաւունքներու Եւրոպական ատեանին, եւ այս իմաստով, Հայաստանի պետութիւնը պէտք է ունենայ առանցքային դերակատարութիւն:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը իր պատգամը եզրակացուց հաստատելով, որ պահանջատիրութիւնը արդարութիւն է, ո՛չ աւելի եւ ո՛չ ալ պակաս:








All the contents on this site are copyrighted ©.