2012-02-27 12:00:18

29 Փետրուարէն 9 Սեպտեմբեր “Lux in Arcana” Վատիկանեան Գաղտնի Դիւանը Կը Յատնուի>> Ցուցահանդէսը։


29 Փետրուարին Վատիկանեան Դիւանի հիմնարկութեան Դ. դարադարձին առթիւ` Իտալիոյ մայրաքաղաք՝ Հռոմի Թանգարանին մէջ, բացումը կը կատարուի “Lux in Arcana” Վատիկանեան Գաղտնի Դիւանը Կը Յատնուի>> ցուցահանդէսին, որ հարիւրէ աւելի պատմական թանկարժէք եւ արտակարգ վաւերաթուղթեր կը պարունակէ։ Այս վաւերաթուղթերէն նշենք՝ Մարդին Լութերի կաթողիկէ եկեղեցիէն նզովման կոնդակը եւ Պիոս Թ.ին ուղղուած՝ Սրբուհի Պերնատէթ Սուպիրուի նամակը։ Ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ 9 սեպտեմբեր։
Նշենք որ 400 տարուայ կեանք ունեցող Վատիկանի գաղտնի դիւանը հիմնուած է երջանկայիշատակ Պօղոս Ե. Քահանայապետի կողմէ՝ եւ թէ ասիկա առաջին անգամն է որ Վատիկանի գաղտնի դիւանը իր վաւերաթուղթերը կը պարզէ հանրութեան։ Ցուցահանդէսի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին` 2011 յուլիսին, Վատիկանի գաղտնի դիւանի կառավարիչը` գերապայծառ Սերճօ Բականօ-ն յայտնած էր որ <<ժողովուրդի երեւակայութեան մէջ Վատիկանի գաղտնի դիւանը անծանօթ եւ անմատչելի վայր մըն է, որ վերապահուած է լոկ մասնագէտներուն, յոյս յայտնելով որ 2012ի ցուցադրութիւնը աւելի մատչելի դարձնէ Վատիկանի գաղտնի դիւանը ու յստակացնէ անոր թանկարժէք աշխատանքը եւ առաքելութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.