2012-02-26 12:06:03

Քառանորդացի Պահեցողութեան Եղանակները Եւրոպայի Զանազան Քաղաքներու Մէջ։
Նախաձեռնութիւններու կեդրոնը կը հանդիսանան աղօթքը, ծոմապահութիւնը եւ զօրակցութիւնը։


Նախաձեռնութիւններու կեդրոնը կը հանդիսանան աղօթքը, ծոմապահութիւնը եւ զօրակցութիւնը։
Քառասնորդացի այս շրջանին, Եւրոպայի մեծ քաղաքները Մեծ Պահքը կ'ապրին աղօթքով, ծոմապահութեամբ եւ զօրակցութեամբ։ Հռոմ քաղաքը Մեծ Պահքի շրջանին նախատեսուած են, շարք մը դասախօսութիւններ, Ս. Գիրքի հրապարակային ընթերցումներ ու երաժշտութիւններ։ Իրլանտայի Եկեղեցին նախատեսած է Մեծ Պահքի ընթացքին ապաշխարութեան եւ հաշտութեան ծիսակատարութիւններ, ինչպէս նաեւ Ամենասուրբ Հաղորդութեան երթկրպագութիւն։ Լեհ եկեղեցին մեծ ամփոփումով կ'ապրի քառասնորդաց շրջանը։
Յայտնենք թէ Լեհաստանի բնակչութեան 90 տոկոսը կոթողիկէ են։ Եկեղեցին իր 10.500 ժողովրդապետութիւններուն մէջ, քառասնորդացի ուրբաթ օրերուն կը կատարուի ՜՜ճանապարհ խաչի՝՝ բարեպաշտութիւնը, կը կազմակերպուին հոգեւոր կրթութիւններ, դասախօսութիւններ եւ աղօթքի պահեր։
Գերմանիոյ մէջ քառասնորդացին, եկեղեցին Աստուծոյ ժողովուրդէն կը խնդրէ որ իր օգնութիւնը բերէ երկրագունդի հարաւային երկիրներուն, նոյնպէս կը կազմակերպուին հոգեւոր կրթութիւններ, մասնաւորապէս ֆրիպուրկ քաղաքին մէջ հաւատացեալները խիստ ծոմապահութիւն կը կատարեն։
Հունգարիան նուազ չափով կ'ապրի Քառասնորդացը, սակայն եւ այնպէս տակաւին կը գոյատեւէ ուրբաթ օրերը միս չուտելու աւանդութիւնըը եւ սեւ զգեստ հագնիլը Աւագ շաբաթուան ընթացքին։
Լիզպոնի պատրիարքութիւնը 2012-ի քառասնորդացին նախատեսած է կրօնուսուցումի դասընթացք եւ Ս. Գիրքի ընթերցում։
Ծաղկազարդի կիրակին, զուգահեր թեմական երիտասարդութեան օրուան, երկրի բոլոր երիտասարդները Լիզպոնա մայրաքաղաքը հրաւիրուած են հաւաքուելու։ Նշենք որ ''Օր Մխրոց''ով նոր աւետարանութեան հովուութիւնը նախաձեռնած է մետրապոլիտներու մէջ Աւետարանի քարոզութիւնը, Եւրոպայի 12 մեծ քաղաքներու մէջ, ի պատրաստութիւն յառաջիկայ հոկտեմբերին Վատիկան կատարուելիք եպիսկոպոսներու ընդհանուր սիւնոդոսին 7-28 հոկտեմբեր, ''Նոր աւետարանութիւն'' նիւթին մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.