2012-02-25 12:24:06

Փաքիստանի Քրիստոնեայ Համայնքը Դարձեալ Թիրախ Է Ծայրայեղ Մահմետականներու։


Իսլամ տասնեակ ծայրայեղներ յարձակում կատարած են Փաքիստանի մէջ ֆայսալապատի բողոքական եկեղեցւոյ դէմ, վիրաւորելով երկու հոգի։
Ահաբեկիչները ամբաստանած են բողոքական եկեղեցին մարդորսորդութեամբ։ Ոստիկանութիւնը փոխանակ ահաբեկիչները հետապնդելու հարցաքննութիւն կատարած է եկեղեցւոյ վերապտուելի Ալդաֆ Խանի եւ 20 հաւատացեալներուն ու ձերբակալած կարգ մը քրիստոնեաներ։ Քրիստոնեայ հասարակութիւնը գայթակղած է ոստիկանութեան կեցուածքէն։ Նշենք որ բողոքական եկեղեցին, հիմնուած՝ 1987-ին, վերջերս ամբաստանուած է մահմետականներու մարդորսորդութեան յանցանքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.