2012-02-25 12:24:16

Ռուս Եկեղեցւոյ Բարեսիրական Մարմինը Դրամահաւաք Կը Կազմակերպէ Յունաստանի Չքաւորներուն Համար։


Առաջին երկու օրերու հանգանակութեան արդէն գոյացած է աւելի քան 27 հազար եւրօ։
Ռուս եկեղեցւոյ բարեսիրական մարմինը Յունաստանի օրթոտոքս եկեղեցւոյ հետ միասին նախաձեռնած է դրամահաւաք կատարել օգնութեան հասնելու՝ Յունաստանի չքաւորներուն։ Աթէնքի արքեպիսկոպոսարանը օրական 100 հազար ծրար կը բաշխէ, սակայն գնահատումներու համաձայն թիւը պէտք է հասնի 300 հազարի, եւ եկեղեցին բաւարար միջոցներ չունի։ Անցեալ յունուարին իր գրասենեակին մէջ ընդունելով ՜՜Նոր Հանրավարութիւն՝՝ կուսակցութեան պետը տիար Սամարաս, Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ Կիւրեղ պատրիարքը՝ խոստացած էր օգնութեան հասնելու Յունաստանի օրթոտոքսներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.