2012-02-25 12:23:27

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը
Կեանքի Ի Նպաստ Քահանայապետական Կաճառի Ունկնդրութիւն


Շաբաթ 25 Փետրուար 2012-ի՝ առաւօտեան ժամը 11ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի Կառավարիչ՝ Կարտինալ Մարք Ուելլէն, եւ ժամը 11.45-ին՝ Գլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Կեանքի Ի Նպաստ Քահանայապետական Կաճառի 18րդ Ընդհանուր Ժողովի 200 մասնակցողներուն։
Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Կեանքի Ի Նպաստ Քահանայապետական Կաճառի աշխատանքներու այս տարուայ <<ամլութեան ուսումնասիրութիւնը եւ անոր բուժումը>> նիւթին, ու քաջալերեց անոնց գործունէութիւնը ըսելով << ձեր աշխատանքը արտայայտութիւնն է այն գիտութեան որ կը շարունակէ փնտռել ճշմարտութիւնը ի նպաստ մարդկային արժանապատութեան>>։Սրբազան Հայրը ապա խօսքը կեդրոնացուց ամլութեան հարցին վրայ ու այս առնչութեամբ եկեղեցւոյ ունեցած դիրքին։Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց գիտնականներու պարտականութիւնն ու անոնց առաքելութիւնը ու յիշեց ՅՊԲ երջանկայիշատակ Քահանայապետի 2002-ին Կեանքի Ի Նպաստ Քահանայապետական Կաճառին արտասանած հետեւեալ խօսքը << ճիշդ որովհետեւ անոնք աւելիով գիտեն կանչուած են աւելիով ծառայելու>>։ Հուսկ նորոգեց Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի գիտնականներուն ուղղած մաղթանքը <<երջանիկ են անոնք որ կը ճանչնան ճշմարտութիւնը եւ կը շարունակեն փնտռել զայն խորացնելով ու թարմացնելով զայն նուիրելու համար ուրիշներուն։>> Ահա այս մաղթանքով է որ կու տամ իմ առաքելական օրհնութիւնս ըսաւ Սրբազան Հայրը ու եզրափակեց իր խօսքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.