2012-02-25 11:39:16

«Սուրիոյ Բարեկամներ»-ու Խորհրդաժողովը Սուրիոյ Մէջ Բռնարարքներուն Անմիջական Դադրեցումը Պահանջեց։ Սուրբ Աթոռի Ներկայացուիցչը Գերապայծառ ֆիթճերալտ Ներկայ Սոյն Ժողովին։


Աւելի քան 60 երկիրներու պատուիրակներ Ուրբաթ, Փետրուար 24ին Թունուզի մէջ մասնակցեցան «Սուրիոյ Բարեկամներ»ու խորհրդաժողովին,սուրիացիներուն մարդասիրական օժանդակութիւններու ծրագիրը ճշդելու եւ Դամասկոսի վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցնելու համար։ Ժողովը Սուրիոյ մէջ բռնարարքներուն անմիջական դադրեցումը պահանջեց եւ դատապարտեց այդ երկիրի մէջ մարդկային իրաւանց խախտումները։Այս խորհրդաժողովին ներկայ եղաւ նաեւ որպէս Դէտ Սուրբ Աթոռի Ներկայացուցիչը Գերապայծառ Մայքըլ Լուիս ֆիթճերալտ Արաքելական Նուիրակ Եգիպտոսի մէջ։ Գերապայծառ ֆիթճերալտ այս առթիւ յայտնեց Սուրբ Աթոռի մօտիկութիւնը ու զօրակցութիւնը համայն Սուրիոյ Ժողովուրդին,ինչպէս նաեւ շահագրգռութիւնը՝ Սուրիոյ բոլոր ընկերութեան բարիքին ի խնդիր ,երկիրը պահանջքն ունի խաղաղութեան ու կայունութեան։
Իսկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտնեց, թէ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը Սուրիոյ մէջ մարդասիրական տագնապի ամբողջական պատասխանատուն է, պնդելով թէ իշխանութենէն Ասսատի հեռացումը պէտք է փոխանցման գործընթացի մը մաս կազմէ:
Հուսկ Սուրիոյ ընդդիմութեան կազմած ՝՝Ազգային Խորհուրդը՝՝ ժողովի ընթացքին ներկայացուց յետ-ասսատեան հանգրուանի պատկերացում մը եւ առաջարկեց նախագահական ժամանակաւոր խորհուրդ մը յառաջացնել, սակայն ժողովի աւարտին խորհուրդին ներկայացուցիչը յայտարարեց, որ «ժողովը սուրիացի ժողովուրդին ակնկալութիւնները չէ գոհացուցած՝՝ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.