2012-02-24 12:37:07

Քոֆի Անան Նշանակուած ՄԱԿի Յատուկ Պատուիրակ։ Սուրիոյ Մէջ Եւրոպացի Լրագրողներ Կը Խնդրեն Զիրենք Դուրս Հանել Սուրիայէն։


ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մուն իր նախկին գործընկեր Քոֆի Անանը նշանակած է Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական երկիրներու Լիկայի (ԱԵԼ) յատուկ Պատուիրակ:
Պան Քի Մունի եւ Քոֆի Անանի համատեղ յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ նախկին գլխաւոր քարտուղարը պիտի գործադրէ բոլոր ջանքերը «Սուրիոյ մէջ բռնութիւններու դադրեցման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ սուրիական ճգնաժամի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ»:
Քոֆի Անան ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը ստանձնած է 1 Յունուար 1997էն մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2006:
Թունուզի մէջ այսօր 24 Փետրուար կը կայանայ այսպէս կոչուած` «Սուրիոյ բարեկամներու խումբ»ի ներկայացուցիչներուն հանդիպումը, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած են արեւմտեան ու արաբական շարք մը երկիրներ: Հանդիպման չեն մասնակցիր Ռուսաստան, Չինաստան եւ Լիբանան:
Միւս կողմէ Սուրիոյ մէջ գտնուող եւրոպացի երկու լրագրողներ օգնութիւն խնդրած են եւ պահանջած՝ անմիջապէս զիրենք դուրս հանել երկրէն: Le Figaro պարբերականի եւ RFI-ի աշխատակից ֆրանսուհի Էտիթ Պուվիէն տեսահոլովակին մէջ կը նշէ որ շտապ վիրահատութեան կարիքն ունի եւ կը խնդրէ զիրենք տեղափոխել Լիբանան: ԱՄՆ, Եւրոմիութիւնը եւ Արաբական Երկիրները օրերս մտադիր են նախագահ Պաշշար Ալ Ասսատէն պահանջել մարդասիրական օգնութեան կարելիութիւն՝ Հոմսի առաւել տուժած թաղամասերուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.