2012-02-24 12:38:30

Սումկայիթի Զոհերու Յիշատակին Հոգեհանգստեան Եւ Պաշտամունքի Արարողութիւններ


Սումկայիթեան եղեռնագործութեան 24-ամեակին առիթով Սումկայիթի զոհերու յիշատակին հոգեհանգստեան եւ պաշտամունքի արարողութիւններ պիտի կատարուին հայ յարանուանութիւններու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, կիրակի՝ 26 փետրուար (2012)ին՝ եկեղեցական արարողութիւններուն ընթացքին:
Նոյն օրը, Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ կատարուելիք հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ յիշատակի հաւաք, որուն ընթացքին խօսք պիտի առնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս: Այսպէս կը տեղեկացնէ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը։








All the contents on this site are copyrighted ©.